2015-10-27 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը ուղղուած Կարդինալ Փարոլինին հայող Քուրիայի վերակազմակերպումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին որուն մէջ մատնանշելով Կարդինալներու Խորհուրդի յանձնաժողովի գործունէութեան, որ սկիզբ առած է 2013-ի 28 սեպտեմբերին եւ որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է բարեփոխումներ ներմուծել Վատիկանի ''Pastor bonus'' առաքելական սահմանադրութեան, կը յայտնէ թէ այդ աշխատանքները կանոնաւոր կերպով կը շարունակուին թէեւ պէտք է նկատի առնել թէ այս ''անցողական'' շրջանը պէտք չէ նկատուի որպէս ''օրէնսդրութենէ զուրկ'', որովհետեւ տակաւին ի զօրու է ''Pastor bonus'' առաքելական սահմանադրութիւնը  եւ ոյժի մէջ է նաեւ Հռոմի Քուրիայի ընդհանուր կանոնագիրքը։

Այս առընչութեամբ եւ որպէսզի Հռոմի Քուրիայի ու Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններու գործընթացը ընթանայ կանոնաւոր կերպով, ապահովելով  բոլոր համագործակիցներուն իրաւունքները, նաեւ տնտեսական գետնի վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրահանգէ որ հանգամանօրէն յարգուին վերոնշեալ փաստաթուղթերու պարունակութիւնները ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Պետութեան աշխարհական կազմի յատկացուած կանոնակարգը։

Սրբազան Հայրը ապա Պետական Քարտուղարէն կը խնդրէ որ վատիկանի կառոյցներու պատասխանատուներուն ուշադրութեան յանձնէ իր այս գրութիւնն ու հրահանգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.