2015-10-27 12:19:00

Վատիկանի մէջ ներկայացուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 51-րդ համագումարը:


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 27 հոկտեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի ՅՊԲ անուան մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ յառաջիկայ 24–31 յունուար 2016-ին,   Ֆիլիփինի Չէպու քաղաքին մէջ կատարուելիք, ՝՝Քրիստոս ձեր մէջ,  Փառաբանութեան յոյս՝՝  խորագիրով Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 51ր-րդ համագումարը։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Չէպու թեմի արքեպիսկոպոս  Գերապայծառ Խօսէ Փալմա, Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարներու կոմիտէի նախագահ՝ Գերապայծառ Փիերօ Մարինի, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ կոմիտէի անդամ Հայր Վիթթորէ Պոքքարտին։

 Յայտնենք, թէ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարներու նշումը կը պարտինք Ֆրանսացի Տիկին Էմիլի Թամիզիէի (1843-1910) որ իր կեանքը նուիրեց ընկերութեան փրկութեան համար՝ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդութեամբ ու ապա հանդիսացաւ ռահվիրայ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարներու կազմակերպումին։

Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ 1881-ին Ֆրանսայի Լիլ քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.