2015-10-27 09:21:00

Աստուած մեզմէ կը խնդրէ որ իմաստուն ըլլանք


«Յիսուս մեկնեցաւ անկէ եւ գնաց իր հայրենիքը եւ աշակերտները կը հետեւէին իրեն: Շաբաթ օրը կը սորվեցնէր ժողովարանին մէջ: Բազմաթիւ ունկնդիրներ զարմացած կը հարցնէին. «Ուրկէ՞ առեր է այս ամէնը, ի՞նչ է այս իմաստութիւնը որ տրուած է իրեն եւ մեծ հրաշքները՝ որ կը կատարուին իր ձեռքով: Ամէնքն ալ կը գայթակղէին Յիսուսի պատճառով: Յիսուս ըսաւ անոնց. « Մարգարէն անարգուած է միայն իր հայրենիքին, իր գերդաստանին եւ իր տունին մէջ:» Եւ չկրցաւ այնտեղ հրաշքներ ընել, բուժեց մէկ քանի հիւանդներ՝ անոնց վրայ ձեռք դնելով: Զարմացաւ անոնց անհաւատութեան վրայ: Կը շրջէր մերձակայ գիւղերը եւ կը սորվեցնէր: (Մարկ 6, 1-6)

Ո՜վ Տէր մտիկ ըրէ ինծի որովհետեւ քեզ կը կանչեմ: Սիրտս կը տրոփի քու խօսքէդ թէ պէտք եմ քու դիմագիծդ փնտռեմ, քու դէմքդ կը փնտռեմ որովհետեւ քեզ կ'ուզեմ ճանչնալ եւ մօտենալ քեզի. Մի գոցէր քու դէմքդ այլ հասկցուր ինծի քու աչքերուդ միջոցաւ՝ կեանքին իմաստութեան մէջ մտնելու քեզի եւ քու խօսքդ աւելի հասկնալու համար:

Աստուծոյ ժողովուրդին փափաքը միշտ Տէրը գտնելու մէջն էր: Փրկչագործութեան պատմութեան եւ ճանապարհին ընթացքին Իսրայէլի ժողովուրդին ծարաւը Աստուծոյ հաւատալու եւ մօտենալու մէջ կը մեծնար: «Ո՜վ Աստուած, դուն իմ Աստուածս եւ Տէրս ես, քեզ առաւօտ կանուխէն կը փնտռեմ, իմ հոգիս ծարաւ է քեզի» (Սաղմոս 62): Այս փնտռած Աստուածը միշտ հեռու կը թուէր հրեայ ժողովուրդին ինչպէս որ երգ երգոցին մէջ կ'ըսէ. «Փնտռեցի ինչ որ հոգիս կը բաղձար եւ սակայն չգտայ զայն:»

Ուրեմն Աստուած կը խոստանայ իր ժողովուրդին որ զինք գտնէ քանի որ ծարաւի մէջ է որպէսզի այս փնտռտուքը բոլոր սրտով դառնայ:

Այս խնդրանքներէն ետքը, Աստուած ղրկեց իր Որդին իրենց հետ ապրելու համար: Մարկոս Աւետարանիչը մեզի կը նկարագրէ այն հանդիպումը որ ունեցան շաբաթ օրուան ընթացքին տաճարին մէջ: Այս հանդիպումը զոր հաւատացեալները շատոնց կը սպասէին եւ սակայն ի՞նչ էր հանդիպումին արդիւնքը: «Ուրտեղէ՞ն եկաւ մեզի այս մարդը» ըսին: Մարկոս Աւետարանիչը մեզի կ'ըսէ թէ խորապէս ցնցուած էին իր անձէն եւ մանաւանդ իրենց հանդիպումէն եւ խօսքերէն: Մենք ալ իրարու հարց տանք. եթէ այսօր Տէրը մեզի երեւնայ, ի՞նչ վիճակով պիտի ընդունինք զայն:

Կը փնտռենք իր երեսը բայց ի՞նչ է երեսը Տիրոջ, եթէ ոչ այն խորունկ եւ սիրալիր ճանաչումը Քրիստոսի:

Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ որ ըլլանք իմաստուն երբ Աստուծոյ խօսքը ընդունինք, որովհետեւ նկատելու ենք զայն որպէս կեանքին արուեստ մը, կէտ մը յղանալու անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային գոյութեան: Իմաստութեան միջոցաւ կրնանք հասկնալ կեանքին խնդիրները ինչպէս սիրոյ, տառապանքի, պատիժի եւ ամէն օրուայ համեստութեան իսկութիւնը, զաւակներու կրթութիւնը եւ այն բոլոր հանգամանքները որոնք մեզի յաջողութեան կը տանին:

Իմաստուն ըլլանք մարդոց համար, Աստուծոյ խօսքը եւ իմաստութիւնը կը մնան լաւագոյն ձեւը մարդուս ճամբան լուսաւորելու որովհետեւ այս շնորհքը Աստուծմէ ամէնուս կը շնորհուի:

Նոր Կտակարանը մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսը որպէս «Բանը» «Խօսքը» Աստուծոյ, այսինքն կը շեշտէ ծագումին վրայ որ մեզի պէս մարդ դարձաւ: Մեզի կը ներկայանայ որպէս Աստուծոյ իմաստութիւնը, այսպէսով բոլորիս կ'ապահովեցնէ որ մեր կեանքը իրմով խնամուած պիտի մնայ՝ զայն աստուածացնելու համար:

Ո՜վ Աստուած իմ, ես առաւօտէն քեզի կը փնտռեմ ու քեզի կը դիմեմ, հոգիս ծարաւի է քեզի՝ առաւել եւս իմ մարմինս: Կ'ուզեմ քու սրբութեանդ մէջ տեսնել քու փառքդ եւ զօրութիւնդ որովհետեւ ինծի համար քու ողորմութիւնդ աւելի գեղեցիկ է քան կեանքիդ վայելչութիւնները: Թող իմ շրթունքներս միշտ քեզի գովաբանեն: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան        








All the contents on this site are copyrighted ©.