2015-10-26 13:27:00

ԷՔՍՓՕ – կրօնները հոգւոյ սնունդ են։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 տարի առաջ, 27 հոկտեմբերին աշխարհի մեծ կրօններու պետերը միատեղ համախմբուեցան, առաջին անգամուան համար Ասիզիի մէջ՝ ս. Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի քաղաքը, միասնաբար աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար։ Այս տարի եւս կրօններու ներկայացուցիչները, որոնք մաս կը կազմեն Միլանոյի կրօններու ֆորումին, իրենց կարգին միատեղ պիտի հաւաքուին վերակոչելու ու վերարծարծելու այդ յիշատակելի դէպքը։

Հաւաքը տեղի կ՝ունենայ Միլանոյի միջազգային ԷՔՍՓՕ-ի կեդրոնին մէջ, երեքշաբթի 27 հոկտեմբեր 2015 ժամը 16.30-ին, այն գիտակցութեամբ որ կրօնները՝ հոգւոյ սնունդ են եւ իրենց կարգին կարող են սատարել երկրագունդի հարստութիւններու հաւասար բաշխումին, որ է նախապայմանը խաղաղութեան։

27 հոկտեմբերին յայտագիրը կը նախատեսէ մասնակցողներու հաւաքը, ապա խաղաղութեան քայլարշաւ ի յիշատակ Ասիզիի միջ-կրօնական հանդիպումին, հուսկ խորհրդածութեան պահ մը՝ կրօնները հոգւոյ սնունդ են նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.