2015-10-24 08:37:00

Վատիկանեան Բ Ժողովի ''Nostra aetate'' վաւերաթուղթի 50° տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը կը վերակոչէ  Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի ''Nostra aetate'' վաւերաթուղթի 50րդ տարեդարձը։ Յառաջիկայ 28 հոկտեմբերին եկեղեցին կը վերակոչէ վաւերացումը սոյն վաւերագիրին հայող կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն ոչ քրիստոնեայ կրօններու հետ։ Արդարեւ 28 հոկտեմբեր 1965-ին ժողովական հայրերը 2221 ձայնով վաւերացուցած են ''Nostra aetate''  վաւերաթուղթը։

Պօղոս Զ Պապը իր գոհունակութիւնը յայտնելով նշեց թէ ''եկեղեցին կը խօսի, եկեղեցին կ՝աղօթէ , եկեղեցին կ՝աճի ու եկեղեցին կը կազմուի''։

Nostra aetate վաւերագիրը կ՝արտացոլէ եկեղեցւոյ փափաքը բոլորին հետ հանդիպում հաստատելու եւ կը քաջալերէ իր հաւատացեալները սիրոյ զգացումներով երկխօսութիւն հաստատելou այլ կրօններու հաւատացեալներու հետ։

Այս տարեդարձը լաւագոյնս վերակոչելու համար Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը հրէութեան հետ կապի յանձնախումբի ու միութեան քահանայապետական խորհուրդի ու Գրիգորեան համալսարանին հետ միասին 26-28 հոկտեմբեր կը կազմակերպէ  միջազգային գիտաժողով մը Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ։ 26 հոկտեմբերի յետմիջօրէին յիշատակի ներգործութիւն պիտի կատարուի ներկայութեամբ կարդինալ Թոռանի ու Կարդինալ Քոխի։ 27 եւ 28 հոկտեմբերին խօսք պիտի առնեն զանազան կրօններու ներկայացուցիչները միջամտութիւններ կատարելով հետեւեալ նիւթերու շուրջ. կրօնները ի սպաս մարդ էակին. Բռնութիւնը եւ կրօններու` վասն խաղաղութեան յանձնառումը. Կրօնական ազատութեան մարտահրաւէրը, դաստիարակութիւնը  եւ արժէքներու փոխանցումը։

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարդինալ Փարոլին պիտի եզրափակէ միջազգային ժողովը։ Չորեքշաբթի 28 հոկտեմբերին զանազան կրօններու պատասխանատուները իրենց հաւատացեալներու հետ միասին հրաւիրուած են չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան։ Բարեպատեհ առիթ մը որպէսզի միասնաբար գոհութիւն մատուցուի Ամենակալ Տիրոջ 50 տարիներուն հոլովոյթին  կատարուած յառաջդիմութեան  միջկրօնական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս ու Տիրոջմէն հայցելու օրհնութիւնը յառաջիկային կատարելիք ճանապարհին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.