2015-10-24 08:59:00

Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու խնդիրը անհանգստութեան պատճառ Է. Նալպանտեան։


Ահաբեկչական գործողութիւնները մարտահրաւէր են ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար: Այս մասին յայտարարեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի շրջանաւարտներու երրորդ միջազգային ֆարումի ընթացքին` նման հաւաքները համարելով լաւ հնարաւորութիւն` մտքեր փոխանակելու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներուն մասին:

«Հայերը բնակւում են Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկներում` կազմելով բազմազգ, բազմակրօն խճանկարի անբաժանելի մասը: Սիրիական կոնֆլիկտի (հակամարտութեան-ԵՌԳ.) հետեւանքով միայն Սիրիայից Հայաստանն ընդունել է 17 000 փախստական: Մերձաւոր Արեւելքում հայկական համայնքների, ազգային փոքրամասնութիւնների խնդիրը մեզ համար մշտական անհանգստութեան առիթ է»,- ըսած է­ նախարարը` խօսելով յատկապէսկ Միջին Արեւելքի մէջ առկայ իրավիճակէն:

Նալպանտեան շեշտեց համարեց նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրի հարցով գործընթացներու կարգաւորումը` նշելով, որ Իրանի մէջ տնտեսութեան զարգացումը էականօրէն կը փոխէ իրավիճակը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:

Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի շրջանաւարտներու երրորդ միջազգային ֆարումին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած են 300-էն­ աւելի մասնակիցներ շուրջ 40 երկիրներէ: Բացման արարողութեան կը յաջորդեն Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի 200-­ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: Լազարեան ճեմարանը երկու կրթօջախներէն մէկն է, որոնց հիման վրայ կազմաւորուած է ՄԳԻՄՕՆ-ն: Ֆորումի բացման արարողութենէն առաջ մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.