2015-10-24 08:49:00

Կարդինալներու, պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու կոչը կլիմայական յեղաշրջումին վերաբերեալ։


(Ռատիօ Վատիկան) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի  նախաձեռնութեամբ երկուշաբթի 26 հոկտեմբեր 2015-ին, ժամը 13-ին, Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի պիտի ունենայ  ներկայացումը, աշխարի զանազան երկիներու կարդինալներու, պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու կոչին ուղղուած Փարիզի Կլիմայական խորհրդաժողովին որուն աշխատանքները տեղի պիտի ունենան Փարիզի մէջ, նոյեմբեր 30էն մինչեւ 10 դեկտեմբեր 2015։

Նախաձեռնութիւնը ներշնչուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Laudato si'' բնապահպանութեան մասին շրջաբերական թուղթէն։

Մամլոյ ներկայացումին խօսք կ՝առնեն աշխարհի չորս ծագերու եպիսկոպոսական դասերու կարգ մը ներկայացուցիչներ.

- Կարդինալ Ոսվալտ Կարսիաս, որպէս նախագահ` Ասիայի եպիսկոպոսական դասերու խորհուրդին։

-  Կարդինալ Ռուպէն Սալազար Կոմէս, որպէս նախագահ` Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց դասերու խորհուրդին։

- Գերապայծառ Ժոն Ռիպա` որպէս նախագահ Ոկիանիոյ եպիսկոպոսաց դասերու խորհուրդին։

-  Գերապայծառ Ժան Քոքերոլ, փոխ նախագահը Եւրոպայի հասարակութեան եպիսկոպոսներու յանձնախումբին։

Մամլոյ ելոյթին սկիզբը կարդինալներու, պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու կոչը պիտի բաշխուի բոլոր ներկաներուն։

Մամլոյ ելոյթէն առաջ կոչը պիտի ստորագրեն կարդինալ Թուրքսոն՝ նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, կարդինալ էրտօ նախագահը եւրոպայի եպիսկոպոսական դասին եւ կարդինալ Պշարա Ռայի նախագահը Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.