2015-10-24 10:46:00

Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը հասաւ իր աւարտին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ'' խորագիրը կրող եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը շաբաթ` 24 հոկտեմբերի կ՛եզրափակէ իր աշխատանքները սիւնհոդոսի վերջնական տեղեկագիրի ընթերցումով ու քուէարկութեամբ''։

Եպիսկոպոսական սովորական այս 14-րդ սիւնհոդոսի բացումը կատարուած էր անցեալ 4 հոկտեմբեր 2015ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն ժամանած 270 սիւնհոդոսական հայրերը, որոնց շարքին` 74 կարդինալներ, 6 պատրիարքներ, 174 եպիսկոպոսներ, 15 վանականներ, քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ՝ Ափրիկէէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Ովկիանայէն, ինչպէս նաեւ մասնագէտ  աշխարհականներ։  Սիւնհոդոսին  իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Պոլսոյ  Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ Լեւոն արք. Զէքիեանի։

Իսկ Երկուշաբթի` 5 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ սկիզբ առին սիւնհոդոսական հաւաքին աշխատանքային նիստերը։

Նիստերու ընթացքին, ժողովական հայրերը շօշափեցին ''սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի'' մէջ ամփոփուած նիւթերը որոնք բաժնուած էին երեք մասերու`  Ընտանիքի մարտահրաւէրներու ունկնդրութիւնը, Ընտանիքի կոչումին խորթափանցումը եւ Ընտանիքի ժամանակակից առաքելութիւնը։

Սիւնհոդոսի ընթացքին տեղի ունեցան 18 ընդհանուր հաւաք` ապա ամէն մէկ նիւթին շուրջ ''լեզուային խումբերու'' փոքր հաւաքներ, որոնց ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը մէկիկ մէկիկ քննարկեցին ''աշխատանքային թղթածրարի'' մէջ պարունակուած նիւթերն ու ենթանիւթերը, եւ ամէն մէկ լեզուային խումբ շարադրեց զեկոյց մը որ  ներկայացուեցաւ ընդհանուր հաւաքի ընթացքին ու յանձնուեցաւ ''վերջնական տեղեկագիրը շարադրող'' յանձնախումբին,  որոնց հիման վրայ այս վերջինս կը շարադրէ սիւնհոդոսական եզրափակիչ տեղեկագիրը։

Յայտնենք թէ սիւնհոդոսի գումարումի շրջանին ամէն օր տեղի կ՛ունենար նաեւ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու աշխատանքային գործընթացը։ Մամլոյ ասուլիսներուն կը մասնակցէին սիւնհոդոսական հայրեր ու մասնագէտներ։

Նշենք նաեւ թէ անցեալ 17 հոկտեմբեր 2015ին, Սիւնհոդսական նիստերու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ   «Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի» հիմնարկութեան յիսնամեակի տօնակատարութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը հիմնուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով` 15 սեպտեմբեր 1965-ին, «Apostolica Sollicitudo» ինքնագիր նամակով։

Ընտանիքի մասին` ըլլայ անցեալ տարուայ արտակարգ եւ այս տարուայ սովորական երկու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներուն, մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւացան մամուլն ու հաղորդակցութեան միջոցները, մերթ ընդ մերթ իրենց իւրայատուկ ձեւերով ներկայացնելով անցուդարձները` ակնարկելով եկեղեցւոյ մէջ բաժանումներու եւ խփումներու մինչ սիւնհոդոսական հայրերը տարբեր վկայութիւն տուին այս մասին, հաստատելով թէ սիւնհոդոսական նիստերը կ՛ընթանային խաղաղ, շինիչ ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ եւ թէ բնական է որ այսպիսի հաւաքի մը ընթացին ի յայտ քան տարբեր տեսութիւններ եւ գաղափարները որոնք արդիւնքն ու արտայայտութիւնն են մասնակցողներու մշակութային, աւանդութիւններու եւ լեզուներու բազմազանութեան։

Այս մասին արժանի է նշել Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը  ''սիւնհոդոսը ոչ խորհրդարան է եւ ոչ ալ ծերակոյտ, այլ՝ եկեղեցական միասնութեան արտայայտութիւն։  Սիւնհոդոսը ''հաւաքական  հոգիով՝ միասնական ուղեւորութիւնն է, որուն կետնպատակն է՝ եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի բարիքը, եւ հոգիներու փրկութիւնը, որ Եկեղեցւոյ գերագոյն օրէնքն է''։

Սիւնհոդոսը եկեղեցական արտայայտութիւն մըն է՝ կարդալու համար իրականութիւնը՝ միասնական ընթացքով, հաւատքի աչքերով եւ Աստուծոյ սրտով։ Սիւնհոդոսը կը գործէ Եկեղեցւոյ ծոցին եւ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին մէջ, որուն մենք մաս կը կազմենք՝ որպէս հովիւներ եւ ծառաներ։

Սիւնհոդոսի մէջ Սուրբ Հոգին կը խօսի բոլոր անձերուն՝ զանազան լեզուներու միջոցաւ. այն անձերուն, որոնք թոյլ կու տան որ Աստուած առաջնորդէ զիրենք։  Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ, ուր համաձայնութիւններու յանգելու եւ փոխզիջումներ կատարելու պարտադրանք ըլլայ։ Սիւնհոդոսը կարող է ինքզինք Սուրբ Հոգիի տրամադրութեան յանձնել՝ միայն առաքելական խիզախութեամբ, աւետարանական խոնարհութեամբ եւ աղօթքով. որպէսզի ինքնին Սուրբ Հոգին` մեզ դատէ եւ մեզ լուսաւորէ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.