2015-10-24 09:11:00

Աղօթքի հսկում Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար


(Ռատիօ Վատիկան) Պաղեստինի Տիրամօր նախատօնակի առթիւ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Յորդանանի բոլոր կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն մէջ, շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2015ի, երեկոյեան ժամը 6ին, կը կատարուի աղօթքի հսկում, որուն ընթացքին համայն երիտասարդութիւնը Տիրոջմէ պիտի հայցէ խաղաղութեան պարգեւը։

Աղօթքի հսկումի ձեռնարկը կազմակերպուած է պաղեստինեան երիտասարդներու կողմէ։

Պաղեստինի մէջ երիտասարդներու հովիւ Հայր Պաշար Ֆավադլէ, այս մասին Ֆիտէս լրատուական գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց թէ Պաղեստինի Երիտասարդները կ՝ուզեն աղօթել Միջին Արեւելքի խաղաղութեան, եւ յատկապէս Երուսաղէմ քաղաքին համար։

“Երուսաղէմ քաղաքը մեր քաղաքն ու մայրաքաղաքն է, խաղաղութեան սուրբ քաղաքն է, որ այս օրերուն դարձեալ թիրախ դարձած է արիւնահոսութեան, բռնութեան եւ մահուան” ըսաւ Հայր Պաշար աւելցնելով՝ թէ աղօթքի հսկումի ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ ոչ միայն Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ երիտասարդները, այլ նաեւ մահմետական եւ հրեայ երիտասարդներ, միասնաբար խնդրելու համար Ամենակալէն եւ Ողորմած Աստուծմէ, յուզելու մարդոց սրտերը եւ  ազատագրելու զանոնք ատելութենէն, վախէն, ինչպէս նաեւ վրէժխնդրութեան ծարաւէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.