
(Ռատիօ Վատիկան) Ի լուր Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքի մօտ գտնուող Ժիրոնտի մէջ պատահած աղէտալի արկածին ու անոր պատճառած զոհերուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորակարգութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Պորտոյի առաջնորդ` գերապայծառ Ժան Փիէր Ռիքարին, որուն մէջ յայտնեց իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը զոհերու ընտանիքներուն ու անոնց սիրելիները յանձնեց Աստուծոյ Ողորմութեան` որպէսի զանոնք ընդունի երկնային Լոյսին մէջ։
Քահանայապետը ապա յատուկ օրհնութիւն ուղարկեց բոլոր անոնց որոնք այս ողբերգութեան թիրախ են։
Յայտնենք թէ աղէտալի արկածին առիթով, մահացած են 42 անձ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |