

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Պորտոյի մերձակայքը` Ժիրոնտի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի արկածին առիթով, որ աւելի քան չորս տասնեակ անմեղ զոհերու պատճառ դարձած է:
«Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնած է նախագահ Հոլլանտին, Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով համբերութիւն եւ արիութիւն», նշուած է Հայաստանի նախագահի ուղերձին մէջ:
| All the contents on this site are copyrighted ©. |