2015-10-23 10:08:00

Հայաստանի մէջ վերականգնուած Եկեղեցին օրինակ դարձած է Նոր Զելանտիայի համար։


Նոր Զելանտիայէն աքթիւիսթ մը Հայաստան այցելած է` համոզուելու համար աւերուած տաճարները վերականգնելու անհրաժեշտութեան:

Artsakhpress.am` վկայակոչելով 3news.co.nz-ը` կը նշէ, թէ Ճէֆրի Ռաթպուն Քրայսթչըրչի անգլիկան Մայր տաճարը վերականգնելու կոչով հանդէս եկող աքթիւիսթներէն է: Եկեղեցին աւերուած է 2011 թուականին, երկրաշարժի հետեւանքով:

Ռաթպուն Գիւմրիի մէջ սեփական աչքերով տեսած է աւելի քան 27 տարի առաջ  աւերուած եկեղեցին, որուն վերանորոգումը կը մօտենայ իր աւարտին:

«Քաղաքի բնակիչները նոյնքան կապուած են այդ եկեղեցիին, որքան մենք: Եկեղեցին կ՝ուզէին վերականգնել, չնայած բաւականաչափ միջոցներ չունէին: Բայց անոնք լի էին գումար գտնելու եւ շինարարութիւնը սկսելու վճռականութեամբ»,- ըսած է Ռաթպուն:

Ան Հայաստանէն իր եպիսկոպոսի եւ քաղաքապետի նամակները տարած է Նոր Զելանտիա, որոնք աջակցութիւն կը յայտնեն Մայր տաճարի վերականգնման: Աքթիւիսթը զանոնք պիտի ներկայացնէ Քրայսթչըրչի քաղաքապետին եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.