2015-10-23 09:18:00

Գնչուներու համաշխարհային ուխտագնացութիւն 23 – 26 հոկտեմբեր 2015


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ  23 Հոկտեմբերէն մինչեւ երկուշաբթի 26 հոկտեմբեր տեղի կ՛ունենայ  գնչուներու համաշխարհային ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ, կազմակերպութեամբ գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդին, վերակոչելու համար Երանելի Պօղոս Զ Պապի պատմական այցելութիւնը Pomezia-ի` գնչուներու ճամբարին` 26 Սեպտեմբեր 1965-ին։

Ուխտագնացութեան կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 5000 գնչուներու, եկած Եւրոպայէն, Ամերիկայէն ու Ասիայէն։

Այս ուխտագնացութեամբ Եկեղեցին կ՛ուզէ գնչուներուն եւ համայն հասարակութեան յիշեցնել թէ Եկեղեցին բաց է բոլորին հանդէպ ու յատկապէս անոնց որոնք ընկերութեան արուարձաններուն մէջ կը գտնուին, ապա  հանրային կարծիքին ներկայացնել գնչու ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը, արժէքն ու արժանիքները։ Գնչուները յաճախ զոհ են նախապաշարումի ու թշնամութեան։

Գնչուներու համաշխարհային ուխտագնացութեան յայտագիրը կը նախատեսէ` 23 հոկտեմբերին ժամանում Հռոմ։ 24 Հոկտեմբերին Հռոմի շրջապտոյտ` մինչ երեկոյեան 18.30-ին Հռոմի աշխարհահռչակ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին Ճանապարհ Խաչի ջերմեռանդական արարողութիւն` զոր կը գլխաւորէ Քահանայապտին Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի։

Կիրակի 25 հոկտեմբերի կէսօրին ուխտաւորները պիտի այցեն Հռոմի ''Աստուածային Սէր'' Սրբավայրը ուր եւ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ զոր կը նախագահէ գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիօ­, մինչ երեկոյեան Հռոմի ''Սանթա Մարիա ին Թրասթեւերէ'' պազիլիքային մէջ նախատեսուած է գնչու երաժշտութեան համերգ։

Երկուշաբթի 26  հոկտեմբերի առաւօտեան 11.45-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն կը շնորհէ գնչու հասարակութեան, որուն աւարտին տեղի կունենայ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի այցելութիւն եւ ուխտագնացութեան եզրափակում։








All the contents on this site are copyrighted ©.