2015-10-23 09:44:00

Բարեսիրական համերգ ֆրանչիսկոս Պապի աղքատներուն ի նպաստ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 24 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին,  քահանայապետական զուիցերական պահակագունդը,  Auditorium Conciliazione համերգասրահին մէջ կազմակերպած է բարեսիրական համերգ մը` Landwehr di Friburgo նուագախումբի կատարողութեամբ, նուիրուած ֆրանչիսկոս Պապի աղքատներուն։ 

Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է  համագործակցութեամբ քահանայապետական զուիցերական պահագունդի, որ օգնութեան կը հասնի Պապի ողորմաբաշխ կեդրոնին, սնունդ բաշխելով Հռոմի կարիքաւորներուն։ Համերգին յայտագիրը կը նախատեսէ Վերտիի` Nabucco-ն, զուիցերական երաժշտութիւն, թանկօ ու այլ երաժշտական կատարողութիւններ ….








All the contents on this site are copyrighted ©.