2015-10-22 09:22:00

Խամենէի վաւերացուց Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրը։


Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի վաւերացուց Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վեցեակին հետ գոյացած համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ ցուցմունք տուաւ սկսելու ատոր գործադրութեան:

Խամէնէի զգուշացուց. «Բանակցութեան մասնակից ուժերուն կողմէ նոր պատժամիջոցներու հաստատումը կը հակասէ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան, եւ (իրանեան) կառավարութիւնը պէտք է անոր գործադրութիւնը կասեցնէ, եթէ այդպիսի բան պատահի»` աւելցնելով. «Պատժամիջոցներու կառոյցին պահպանման վրայ հիմնուած որեւէ յայտարարութիւն համաձայնութեան հակասում կը նշանակէ»:

«Ուաշինկթըն հիւլէական թղթածրարի հարցին մէջ թշնամութեան ոճը օգտագործեց եւ բացառուած է, որ ապագային այլ ոճ կիրարկէ», ըսաւ Խամենէի` նշելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ներկայացնեն գրաւոր երաշխիք` բոլոր ձեւի պատժամիջոցներու ջնջման վերաբերեալ»:

Իրան-Վեցեակ համաձայնութիւնը գոյացաւ 14 յուլիսին: Երկարատեւ բանակցութիւնները աւարտեցան գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի մը որդեգրումով, որուն կատարումը ամբողջովին պիտի ջնջէ նախապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած տնտեսական եւ ելեւմտական պատժամիջոցները:

18 հոկտեմբերին «որդեգրման օր» էր, երբ կողմերը պաշտօնապէս սկսան իրենց պարտաւորութիւններու կատարման, ինչ որ արձանագրուեցաւ շարք մը յայտարարութիւններով եւ կողմերու իրաւաբանական քայլերով:








All the contents on this site are copyrighted ©.