2015-10-21 12:24:00

Հայր Լոմպարտի կը հերքէ Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդութեան լուրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի խօսնակ՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, յայտարարած է, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի առողջական վիճակի շուրջ եղած տարաձայնութիւնները բացարձակապէս անտեղի են։ “Իտալական այն թերթը, որ հրապարակած էր այս լուրը, ծանրապէս անպատասխանատու գործ մը կատարած է, որ ուշադրութեան արժանի չէ։ Ինչպէս կը տեսնէք, ըսած է Հայր Լոմպարտի, Քահանայապետը իր աշխոյժ գործունէութիւնը կը կատարէ առանց ընդհատումներու”։

Յայտնենք, թէ յիշեալ իտալական թերթը գրած էր, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի մօտ ուղեղի ուռ մը յայտնաբերուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.