2015-10-21 11:33:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Թերեւս Կարիք Չունենաս


Կեանքի առօրեայ մտահոգութիւնները՝ ապրուստ, զաւակներու կրթութիւն եւ բարձրագոյն ուսում, արկածի դէմ, ինչպէս նաեւ կեանքի ապահովագրութիւն, եւ բազմաթիւ այլ մտահոգութիւններ պատճառ կը հանդիսանան, որ մարդ արարածը նիւթական աշխարհին մէջ խոր արմատներ նետէ:
Մարդկային հոգին, որ ինքնին խաղաղաբուխ է ու հանգիստ, կը վրդովի մերթ անսպասելի ալեկոծումներու դիմաց։ Հարստութիւնը այդ հանգիստը խանգարող երեւոյթներէն մէկն է, որքան ալ հակառակը պնդողներ ըլլան համեստ խաւերուն մէջէն: Որովհետեւ շատե՜ր նիւթական առատութիւնը շատ մը խնդիրներու լուծումը կը նկատեն: Սակայն, գործնապէս բոլորն ալ գիտեն թէ այդ առատութիւնն իսկ կրնայ դժբախտութիւններու պատճառ հանդիսանալ:
Մարդկային փորձառութիւններուն մեծ մասը առնչուած է նիւթին, որովհետեւ նիւթեղէն աշխարհին մէջ կ՛ապրինք: Աննիւթեղէն, ոգեղէն ու երկնային իրականութիւններու մասին փորձառութիւնները, շատ յատուկ մարդոց կը պատկանին: Անոնք արդէն սրբութեամբ վկայուած կամ իրենց առաքինութիւններով ճանչցուած անձեր են, ու եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած է անոնց խօսքին ու վարքին արժէքը: Միշտ պէտք է զգոյշ ըլլալ անշուշտ նման փորձառութիւններու կեղծորակ տեսակներէն, որոնց թիւը սկսեր է բազմանալու ներկայ հոգեւոր կեանքին մէջ: Ունեցածով բաւարարուելու, աւելին չպահանջելու, մեր հետ դէպի հանդերձեալ կեանք ոչինչ տանիլ չկարենալու, պարապ ձեռքով աշխարհ եկած ըլլալու եւ պարապ ձեռքով ալ այս աշխարհէն մեկնելու, ինչպէս նաեւ նման խորհրդածական նիւթերով խրատական պատգամներ են այդ փորձառութիւնները: Ոմանք ինքնադաստիարակութեան լաւ միջոցներ գտած են իրենք իրենց համար:

Իր մօր խրատները ականջին օղ ըրած անձ մը, որ շատոնց կորսնցուցած էր իր մայրը, կ՛ըսէր, թէ ամէն անգամ երբ նիւթեղէն գործառնութեան մը պարագային ստանար հարուածներ, որոնք սիրտին համար կորուստներ կը համարուէին, կը մտաբերէր մայրը, որ ինքնաբաւ ու համեստ կեանքով ապրելով, գոհունակ սիրտով մեկնած էր այս աշխարհէն: Սա ինքնամխիթարութեան ուսանելի կերպ մըն է, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն ճամբուն ճամբորդները պիտի դառնանք ուշ կամ կանուխ:
Մեր կեանքին ընթացքին կը հանդիպինք ծայրայեղականներու, որոնք ամէն ինչէ հրաժարելով, իրենց անձը կ՛ընծայաբերեն այս կամ այն նուիրական նպատակին: Սա փիլիսոփայական կեանքի տեսակ մըն է, որուն համաձայն կարելի է կեանքի վախճանը եւ ամէն ինչի աւարտը ապրիլ, նոյնինքն այս կեանքին մէջ եղած ժամանակաշրջանին: Արհամարհել նիւթը, անտեսել բոլոր այն նիւթեղէնները, որոնց արժէք կու տայ մարդկութիւնը, ինչպէս՝ ոսկի, արծաթ, ադամանդ, դրամ եւ այլն, եւ անոնց փոխարէն աննիւթեղէն ու երեւակայական արժէքներ դաւանիլ:
Նման մտածողութեամբ մարդիկ, որոնց տեսակը բոլոր կրօններու հետեւորդներու շարքերուն մէջ ալ կարելի է գտնել, իրենց ապրած օրերուն ընթացքին նուազագոյնի կ՛իջեցնեն իրենց առօրեայ կարիքները:
Կեանքի կարիքները նուազագոյնի իջեցնող այս մարդոց ամէնէն ծայրայեղականներն ու յոռետեսները կ՛ըսեն, թէ մարդ միայն պատանքի մը պէտք պիտի ունենայ, իր թաղման ընթացքին պատանքուելու համար: Չափազանցութեան սահմանները վաղուց անցած այս միամիտները չեն գիտեր անշուշտ, թէ կեանքը, սպասուածէն աւելի՛ թիւով անակնկալներ վերապահած կրնայ ըլլալ իրենց համար:
Մահը, որուն խորհուրդին դիմաց ծունկի կու գայ ամէն մարդ, տարբեր ձեւերով ու տեսակներով կը յայտնուի մարդկային կեանքին մէջ: Մէկուն մահը կը կոչենք բնական, միւսը՝ արկածահար, երրորդը՝ հիւանդութեան հետեւանքով, եւ այսպէս շարունակաբար կարելի է շարքը երկարել, նոյնիսկ ամէն մէկ մարդուն համար իւրայատուկ մահ մը պատկերացնելով:
Մահուան այդ տեսակներէն մէկն ալ ծովու ջուրերուն մէջ խեղդամահ ըլլալն է: Եթէ կային անոնց մէջ մարդիկ, որոնք միայն իրենց պատանքին հաշիւը ըրած էին, կրցա՞ն արդեօք պատանքուիլ… Ուրեմն, Աստուծոյ քեզի պարգեւած կեանքին իւրաքանչիւր օրը արժեւորելով, ապրի՛ր բնական կեանքդ, եւ եթէ վաղուան մասին մտահոգութիւններդ նուազագոյնի կ՛ուզես իջեցնել, պատանքիդ համար ալ մի՛ մտահոգուիր, որովհետեւ թերեւս կարիք չունենաս ատոր…








All the contents on this site are copyrighted ©.