2015-10-20 10:30:00

Տոմենիքեան միաբանութեան հիմնարկութեան 8-րդ դարադարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տոմենիքեան միաբանութեան հիմնարկութեան 8-րդ դարադարձին առթիւ, միաբանութեան ընդհանուր աբբահայր` եղբայր Պրունօ Քատորէ, 86-րդ յաջորդը ս. Տոմենիքոսին,  հրաւէր ուղղած է բոլոր լրագրողներուն այցելելու Հռոմի Սանթա Սապինա մայր տունը։

Միաբնութիւնը այդ վանքը ընդունած է  Օնորիոս Գ Պապէն եւ 13-րդ դարէն ասդին այդ հանդիսացած է միաբանութեան մայրավանք ու եղած է նաեւ Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի  եւ Սուրբ Պիոս Ե քահանայապետի նստավայր։

Տոմենիքեան միաբանութեան յոբելենական տարին կը տօնախմբ`է Օնորիոս Գ Պապին, 1216-1217 տարեշրջաններուն հրատարակած կոնդակները, որոնց միջոցաւ ճանչցուեցաւ ու հաստատուեցաւ Տոմինիքեան միաբանութիւնը։

Յայտնենք թէ Տոմենիքեան յոբելենական տարին սկիզբ պիտի առնէ 7 Նոյեմբեր 2015-ին միաբանութեան ընդհանուր աբբահօր մատուցած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի արարողութեամբ Հռոմի Սանթա Սապինա անուամբ մայրավանքին եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.