2015-10-20 09:40:00

Ժողովրդական Կուսակցութեան յաղթանակը Զուիցերիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն։


«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած Զուիցերիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրած է աջ պահպանողական Զուիցերիոյ ժողովրդային կուսակցութիւնը, որ կոչ կ՛ուղղէ ներգաղթեալներու հոսքը խիստ սահմանափակելու: Կուսակցութիւնը 200 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ստացած է 65 աթոռ` 2011-ի ընտրութիւններուն համեմատութեամբ իր ներկայացուցչութիւնը աւելցնելով 11 աթոռով:

Քաղաքագէտներու գնահատումներուն համաձայն, Զուիցերիոյ ժողովրդական կուսակցութեան համոզիչ յաղթանակին պատճառը Եւրոպայի մէջ տեղահանուածներու ճգնաժամն է: Կուսակցութիւնը ներգաղթի սահմանափակման զօրակցելով կրցած է քուէարկողներէն յաւելեալ աջակցութիւն ապահովել:

Խորհրդարանին մէջ իր ներկայացուցչութիւնը երեք տեղով` մինչեւ 33 աւելցուցած է աջ կեդրոնամէտ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Ընտրութիւններուն մէջ աջերու այս յաջողութիւնը ձեռք բերուած է «Կանաչներու» կուսակցութեան (կորսնցուցած է չորս աթոռ) եւ Կանաչ ազատականներու (կորսնցուցած է հինգ աթոռ), ինչպէս նաեւ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան (կորսնցուցած է երեք աթոռ) եւ կեդրոնամէտ Ժողովրդավարական-քրիստոնէական կուսակցութեան (կորսնցուցած է մէկ աթոռ) տկարանալուն լոյսին տակ:

Ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը նախատեսուի, որ հակառակ աջակողմեաններուն ուժեղացման, Զուիցերիոյ չորս մեծագոյն կուսակցութիւնները դարձեալ կազմեն համախոհական կառավարութիւն: Գործընկերութեան ռազմավարութիւնը կը գերակշռէ կուսակցական տարակարծութիւններուն. 1950-ական թուականներու վերջէն ի վեր համախոհական կառավարութիւնը անփոփոխ կերպով կը վերստեղծուի ընտրութիւններէ ընտրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.