2015-10-19 13:06:00

Հարստութեան յարիլ եւ կառչիլ ՝ ընտանիքներու բաժանումի եւ պատերազմներու պատճառ կը դառնայ


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուս չի դատապարտեր հարստութիւնը այլ՝ անոր կառչիլը, որ ընտանիքներու բաժանումի եւ պատերազմներու պատճառ կ՝ըլլայ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի երկուշաբթի, 19 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացին արտասանած քարոզին յորդորը։ Հարստութեան կառչիլը կռապաշտութիւն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, յիշեցնելով որ կարելի չէ երկու Տէրերու ծառայել. Կամ՝ Աստուծոյ կամ հարստութեան: Եւ աւեցուց՝ թէ Յիսուս ինքնին հակառակ չէ հարստութեան, այլ կը զգուշացնէ անհատական ապահովութիւնը դրամին կապելէ. այս իրականութիւնը պատճառ կը դառնայ կրօնքը՝ ապահովագրութեան գրասենեակի մը վերածելու :

Որքան ընտանիքներ կռուած են եւ կը կռուին, իրար չեն բարեւեր, զիրար կ՝ատեն ժառանգութեան պատճառով։ Այս պարագաներէն մին է միայն։ Կը սիրեն դրամը աւելի քան ընտանիքը, զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը եւ ծնողները։ Կործանիչ իրականութիւն մըն է։ Նոյնպէս պատերազմները արդիւնք են դրամի պաշտամունքի, որոնց վկաներն ենք ներկայիս։ Նկատի առնենք միայն զէնք վաճառողները, անոնք որոնք պատերազմէն նիւթապէս կ՝օգտուին։ Յիսուս յստակ է այս հարցին մէջ՝ զգուշացէք եւ հեռու մնացէք ագահութենէ, վասն զի նա վտանգաւոր է։ Մեզի կու տայ որոշ ապահովութիւն մը, որ  իրական չէ։ Աւետարանի առակին մէջ մեզի կը ներկայացուի գործարար մը, որ իր հարստութիւնը չի բաժներ իր աշխատաւորներուն հետ։ Փոխանակ ուրիշներուն բաժին հանելու, ան կը մտածէր ինչպէս դիզել իր ստացուածքը։ Կը մտածէր կառուցել աւելի մեծ պահեստանոցներ։ Հարստութեան հանդէպ ծարաւը եւ անոր կառչիլը երբեք վերջ չունի։ Երբ շատ ունինք՝ միշտ աւելին կ՝҆ուզենք։ Ահա այս է կուռքը այն անհատին, որ կառչած է հարստութեան։ Սակայն Սուրբ Աւետարանի մէջ կը կարդանք Երանելիները, որոնց առաջինը երանի կը կարդայ հոգիով աղքատներուն։ Սա կը նշանակէ ստացուածքը դնել ուրիշներու ծառայութեան տակ, բաժնեկցիլ ուրիշներուն հետ, եւ տալ անոնց, որոնք կարիքն ունին։ Ապա, պէտք չէ միայն մեր աւելորդներէն տանք։ Արդ, մենք մեզի հարց պէտք է տանք՝ թէ արդեօք ես բաց ձեռքով եւ առատօրէ՛ն կու տամ։ Ինչպէս կու տամ։ Այնպէս ինչպէս Յիսուս կու տայ, սիրալիր գուրգուրանքով։ Պէտք է ըլլանք առատաձեռն եւ սորվինք ըլլալ Յիսուսի նման։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.