2015-10-19 12:21:00

Հայածէս հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Ձայնասփիւռէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Տասնեակ տարիներէ իր վեր, Վատիկանի Ռատիօ կայանի հայկական բաժնին, առանձնաշնորհում տրուած է` ամէն ամսուայ երրորդ կիրակին, Վատիկանի ձայնասփիւռէն ուղիղ եթերով սփռելու  հայկական ծէսով հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայորդիները ու յատկապէս անոնք որոնք այլազան պատճառներու բերումով ի վիճակի չեն կատարելու կիրակնօրեայ իրենց պարտականութիւնը՝ կարենան մասնակցիլ եւ ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը

Այս ծիրէն ներս, 18 հոկտեմբերին` ամսուայ երրորդ Կիրակին, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Վատիկանի պարտէզներու մէջ գտնուող` Լեւոն ԺԳ անուան Վատիկանի Ռատիոկայանի կեդրոնի մատրան մէջ` տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ զոր մատոյց Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի համագործակից` Հայր  Ներսէս վրդ Սագայան, երգեցողութեամբ` Հռոմի գաղութի հաւատացնելներու եւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միացեալ երգչախումբին։

Քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոն հանդիսացող՝  Վատիկանէն սփռուած հոգեպարար եւ յուզիչ Սուրբ Պատարագին արարողութեան ընթացքին արտասանած յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ Պատարագիչ վարդապետը  անդրադառնալով օրուայ Սուրբ Աւետարանի  ընթերցանութեան, քաղուած Ղուկասի Դ. գլուխէն` 14-2,   ուր կը խօսուի  Յիսուսի Գալիլեա վերադարձի մասին,  յայտնեց թէ  Մարդ արարածը որ ՝ օժտուած էր Աստուծոյ հետ մտերմութեան շնորհքով եւ ազատութեան հոգիով՝ նախընտրած էր ստեղծել իր օրէնքները եւ ենթարկուիլ անոնց. դառնալով ստրուկ մեղքի։ Մարգարէներու միջոցաւ՝ Աստուած դարերով պատրաստած էր ժողովուրդը՝ ընդունելու Փրկիչը, Մեսիան, Օծեալը, այն որ կու գայ Տիրոջ անունով եւ լի Սուրբ Հոգիով։  Հայր Սագայան  մէջբերելով ապա Պօղոս Առաքեալի խօսքերը հաստատեց, թէ ''Քրիստոս կը շնորհէ որդեգրութեան շնորհքը, մեզ կրկին կը մտերմացնէ Աստուծոյ հետ եւ ընտանութեան կապը կը վերականգնէ''։

Յայտնենք, թէ  ամէն ամսուայ երրորդ կիրակին հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագը կը հաղորդուի Վատիկանի ռատիոկայանէն, իսկ՝ ամէն օր,  հայերէն հաղորդումներ կը կատարուին երեկոյեան ժամը 17.50-ին որոնք կը կրնկնուին երկրորդ օրը` առաւօտեան 4-10 անց։

Նշենք նաեւ թէ` Ռատիովատիկանի հայկական լուրերուն կարելի է հետեւիլ  համացանցային կայքէջի միջոցաւ http://hy.radiovaticana.va ինչպէս նաեւ Facebook –ի էջին միջոցաւ ''Vatican Radio - Armenian Program''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.