2015-10-18 12:29:00

Զ. Կիրակի զկնի Խաչի «Այլեւս ծառայ չես, այլ որդի»։


Գաղ Դ. 1-18  Ղուկ Դ. 14-24

«Երբ ժամանակի լրումը հասաւ, Աստուած իր որդին առաքեց, որ կնոջմէ ծնաւ, եւ օրէնքին ենթարկուեցաւ, որպէսզի ազատէ զանոնք, որոնք օրէնքին ենթակայ են՝ որպէսզի մենք որդեգրութեան շնորհքը ընդունինք։ Եւ որովհետեւ դուք որդիներ էք՝ Աստուած իր Որդւոյն հոգին մեր սրտերուն մէջ առաքեց, որ հա´յր կ’աղաղակէ։ Ուրեմն ասկէ ետք ծառայ չես, այլ որդի»։

Այս խօսքերով Պօղոս Առաքեալ կը դիմէ գաղատացիներուն, սակաւ տողերու մէջ ամփոփելով փրկագործութեան խորհուրդը։

Մարդ արարածը հեռացած էր Աստուծմէ. նախապէս ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին նման՝ օժտուած Աստուծոյ հետ մտերմութեան շնորհքով եւ ազատութեան հոգիով՝ նախընտրած էր ստեղծել իր օրէնքները եւ ենթարկուիլ անոնց. դարձած էր ստրուկ մեղքի։ Մարգարէներու միջոցաւ՝ Աստուած դարերով պատրաստած էր ժողովուրդը՝ ընդունելու Փրկիչը, Մեսիան, Օծեալը, այն որ կու գայ Տիրոջ անունով եւ լի Սուրբ Հոգիով։ Եւ ահա հասուն էր ժամանակը, Աստուծոյ որդին կը մարմնանայ, կը ծնի կնոջմէ, այսինքն իբր իսկական մարդ արարած. կը կատարէ հրէական օրէնքի բոլոր պահանջքները, որ Մեսիայի առաքելութեան մաս կը կազմէր՝ ազատելու համար մարդկութիւնը օրէնքի գերութենէն, օրէնքի շղթաներէն, որոնք կը կաշկանդէին Իսրայէլի ժողովուրդը օրէնքի նախադրեալներու մեքենական կատարումի մէջ՝ առանց հոգիի, առանց կարենալ Աստուած Հայր կոչելու։ Սակայն Քրիստոս կը շնորհէ որդեգրութեան շնորհքը, մեզ կրկին կը մտերմացնէ Աստուծոյ հետ, ընտանութեան կապը կը վերականգնէ։ Ան կը մաքրէ մեզ՝ կրկին մէջտեղ բերելով Աստուծոյ պատկերը, որ սկսզբնական եւ անհատական մեղքով պղտորած էր։ Յիսուս մեր սրտերուն մէջ, մեր էութեան մէջ կը ներշնչէ Սուրբ Հոգին, որուն առաքելութիւնը սերտօրէն առընչուած է Քրիստոսի փրկագործ առաքելութեան հետ։ Սուրբ Հոգին մարդը կրկին ատակ կը դարձնէ դիմելու Աստուծոյ իբր Հայր, որովհետեւ որդի է Աստուծոյ՝ եւ ոչ ծառա մը, որ կամաւոր կերպով ստրկացած էր մեղքին։

Պօղոս Առաքեալի այս տողերը կը ներկայացնեն ճշմարտութեան վարդապետութիւնը ինչպէս նաեւ Աւետարանը, բարի լուրը, ուրախութեան պատգամը, որ մարդուն պէտք է յոյս ներշնչէ, անոր սէրը հրահրէ Աստուծոյ հանդէպ։ Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ խորհուրդները կը միանան այստեղ Քրիստոսի մէջ։ Ան է Փրկիչը, ան է մեր կեանքին իմաստը, ան է մեր կեանքին նպատակը, որովհետեւ միայն իր միջոցաւ մենք կրկին կը վերադառնանք Հօր, եւ հօրենական տունը։

Պօղոս Առաքեալ կը շարունակէ՝ «Արդ հիմա որ Աստուած ճանչցաք, կամ մանաւանդ եւս Աստուած ձեզ ճանչցաւ՝ ինչու՞ կրկին կը դառնաք տկար եւ աղքատ տարրերուն կը ծառայէք անոնց։ Ուշադրութիւն կը դարձնէք ամիսներու, ժամանակի եւ տարիներու»։ Պօղոս առաքեալի յորոդորը ուղղուած է Գաղատացիներուն, որոնք կ’ուզէին կապուիլ հրէական օրէնքին, որոնց ծիսական եւ կրօնական կեանքը խիստ օրէնքներու տակ, առընչուած նաեւ լուսնի, արեւու այլ բնական երեւոյթներու հետ, անհոգի էր՝ կատարուած առանց սիրոյ, առանց հոգիի, առանց հոգեպարար հետեւանքներու. կատարուած հաշուարկներով եւ մեքենականօրէն։ Սակայն, ինչպէս կ’ըսէ Առաքեալը, “պէտք է դուրս գաք այդ կաշկանդումներէն, որովհետեւ ճանչցաք զԱստուած։ Այս ճանաչումը կը կատարուի Քրիստոսի միջոցաւ, որ մեզի կը յայտնէ զԱստուած եւ մեզի կը շնորհէ Սուրբ Հոգին, որ մեզ կը լուսաւորէ եւ կը լեցնէ իսկական բարեպաշտութեամբ։ Սուրբ Հոգիին շնորհքն է, որ մեզ ատակ կը դարձնէ ճանչնալու զԱստուած։ «Մանաւանդ եւս, կը շարունակէ Սուրբ Պօղոս, Աստուած ձեզ ճանչցաւ»։ Այսինքն Աստուած նախաքայլը առաւ, Աստուած ձեզ ընդունեց իբր զաւակներ։ Մարդ արարածը ինքն իր կարողութիւններով չի փրկուիր։ Փրկութիւնը միայն Աստուծոյ շնորհքն է։

Քրիստոնեայ հաւատացեալը կ’ապրի եւ կը գործէ այս յոյսով եւ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.