2015-10-17 09:21:00

Մեծ եղեռնի 100-րդ ամեակի շուքին տակ


Թուրքիոյ նոր խաղաքարտը՝ «գաղթականութեան տագնապը»

Եւրոպան, եւ այս պարագային յատկապէս Գերմանիան անգամ մը եւս, հեգնանք կարծես՝ մեծ եղեռնի դարադարձին, կ՝՝իյնայ Թուրքիոյ քաղաքականութեան ծուղակին մէջ։ Մինչ 2015 տարւոյն մէջ միշտ աւելի անդրադարձ կը կատարուի մեծ եղեռնի մէջ Գերմանիոյ կատարած դերին, Գերմանիան փակ աչքերով կ՝ընթանայ նոր քաղաքականութեամբ մը։

Kirche in Not Քահանայապետական իրաւունք վայելող կազմակերպութիւնը, ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին կը յայտնէր, թէ Գերմանիոյ Դաշնային Աւագաժողովը, Խորհրդարանը, որոշում չ՝ուզեր կայացնել Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան շուրջ։ Հարցի քննարկումը կը յետաձգուի անորոշ ժամանակով։

Թուրքիան կը չարաշահէ գաղթականութեան տագնապն ու արհաւիրքը՝ ճնշում բանեցնելու Եւրոպայի վրայ։ Գերմանիոյ «Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական» եւ «Քրիստոնեայ Ընկերվարական» կուսակցութիւնները, ինչպէս եւ «Գերմանիոյ Ընկերվարական Կուսակցութիւնը» արգելակեցին ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը։ «Der Spiegel» պարբերականը ուրբաթ օր կը տեղեկացնէր, որ վիճելի բանաձեւին երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումները յետաձգուած են։ Այս թատրոնին նպատակն է՝ «Թուրքիան չգրգռել», որպէսզի չխոչընդոտուի գաղթականութեան հարցի շուրջ գոյանալիք Թուրքիոյ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը։

Արդէն տարւոյս գարնան, բանաձեւը պատճառ դարձած էր վէճերու։ Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Frank-Walter Steinmeier (Ընկերվարական Կուսակցութենէն) մերժած էր գործածել «ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը, իբր նկատառում Անգարայի հանդէպ։ Գերմանիոյ Դաշնութեան Նախագահ Joachim Gauckի արժանիքով «ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը մուծուած էր բանաձեւին մէջ։

Ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին գերմանական մամուլը  լայնօրէն կ՝անդրադառնար այս հարցին, տեղեկութիւնները քաղելով յատկապէս «Der Spiegel» շաբաթաթերթէն։

Süddeutsche Zeitung կը գրէր, թէ Գերմանիոյ պետութեան յիշեալ կուսակցութիւններու խմբակցութիւնը որոշած էր «ամենայն լռութեամբ» կարելի եղածին չափ հեռաւոր ժամանակի մը յետաձգել բանաձեւի ընկալումը։ Գերման դիւանագէտները չեն ուզած արտայայտուիլ այս հարցի շուրջ, որովհետեւ, ըստ իրենց կարծիքին, Գերմանիան Թուրքիոյ «օգնութեան» կարօտն ունի գաղթականութեան հարցի լուծման մէջ։

Ճեմ Էօզտէմիր՝ նախագահ Գերմանիոյ «Կանաչներու» կուսակցութեան, թղթակիցի հարցին անդրադառնալով պատասխանած է, թէ «տակաւին յոյսը չէ կտրած, որ Գերմանիոյ Խորհրդարանին մէջ, այս պատմական առիթին, պատշաճ որոշում մը առնուի»։ Ան, լարուած կը սպասէ յատկապէս, թէ «Քրիստոնեայ» անունը կրող կուսակցութիւնները ի՛նչ քայլ պիտի առնեն ի տես պատմական այն իրողութեան, ուր փորձուած էր քրիստոնեայ ազգեր ամբողջութամբ բնաջնջել։ Ճեմ Էօզտէմիր կը պնդէ, թէ պարտականութիւն ունինք վերապրող քրիստոնեաներու ժառանգներուն եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարական ոյժերուն հանդէպ՝ ցեղասպանութիւն մը անուանել «ցեղասպանութիւն»։ Ան, յոյս յայտնելով կ՝աւելցնէ՝ «ոգեկոչման տարին տակաւին չէ անցած»։ Էօզտէմիր կը յիշեցնէ նաեւ Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը մեծ եղեռնի առընչութեամբ։

2005 թուականին Գերմանիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած էր «Հայաստան-Բանաձեւ»ը, բնագրին մէջ զգուշանալով «ցեղասպանութիւն» բացատրութենէն։ Տարւոյս Ապրիլին սակայն, քաջալերուած Ֆրանչիսկոս Պապի 12 ապրիլի պատգամէն, Նախագահ Joachim Gauck եւ Խորհրդարանի Նախագահ Norbert Lammert խօսած էին «ցեղասպանութեան» մասին։

Հեգնանքի այլ պարագայ մըն է, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Ատեանի մէկ վճիռը։ Հինգշաբթի օր, յիշեալ ատեանը վճիռ կայացուցած էր Զուիցերիոյ մէջ կատարուած հարցի մը շուրջ։ Շթրասպուրկի իրաւագէտները այն կարծիքին են, թէ Զուիցերիան “խօսքի ազատութեան հիմնական իրաւունքին դէմ գործած” էր, դատապարտելով թուրք մը, «որ կ՝ուրանար հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը»։

Ասոր առընչութեամբ Die Zeit օրաթերթը յօդուած մը կը հրատարակէր ընդվզում յայտնելով խորագրին մէջ՝ «Հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ուրացումը՝ խօսքի ազատութեան տակ կ՝իյնայ»։ Յատկապէս Զուիցերիական մամուլը, չէր ուզեր ընդունիլ այս վճիռը, զայն նկատելով անըմբռնելի եւ իբր ցեղային խտրականութիւն։

Ի տես քաղաքական այս վերջին զարգացումներուն հարց կու տանք՝ «Եւրոպա՛ անգա՞մ մը եւս աչքերդ պիտի փակես եւ ուրանաս իրականութիւնը»։

Միշտ յոյսով ենք, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանումի, եւ բարոյական սկզբունքներով առաջնորդուած քաղաքականութեան մը կոչերը արձագանգ գտնեն քրիստոնեայ աշխարհի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.