2015-10-16 10:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի մէջ նոր օթեւանի մէջ գտնուող անօճախ աղքատները


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7.00ին, յաւարտ Ընտանիքի մասին Սիւնհոդական նիստին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց , Վատիկանի մօտ գտնուող ''Ողոմութեան պարգեւ'' նոր օթեւանի անտուն աղքատները։

Յայտնենք, թէ օթեւանը նուէրն է Յիսուսեան միաբանութեան,  եւ որուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ 7 հոկտեմբերին ։ Սրբազան Քահանայապետին դիմաւորեցին Առաքելական ողորմաբաշխ՝ Գերապայծառ Քոնրատ Քրայեվսքի , Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Հայր Ատոլֆօ Նիքոլասի, օթեւանի մէջ ծառայութիւն մատուցող երեք մայրապետներն ու  կամաւորներ։

Օթեւանի  մէջ գտնուող 30 աղքատները, մեծ ուրախութեամբ եւ գորովով ողջունեցին  Ֆրանչիսկոս Պապը անոր շնորհակալութիւն յայտնելով այդ նուէրին համար ու անոր պատմելով իրենց կեանքէն դրուագներ։ Քահանայապետին այցելութիւն տեւեց ընդամէնը 30 վայրկեան, Սրբազան Հայրը անձամբ ուզեց տեսնել աղքատներու օթեւանը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.