2015-10-16 09:36:00

Այսօր Հայ մամուլի օրն է։


Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի Հայ մամուլի օրը: Այս օրը նշանաւորուած է Մատրասի մէջ հայկական առաջին «Ազդարար» տպագիր պարբերականի հրատարակութեամբ:

ՀՀ կառավարութեան 2004-ի Ապրիլ 22-ի որոշումով Հոկտեմբեր 16-ը կը նշուէր որպէս «Մամուլի աշխատակիցի օր», սակայն յետագային անիկա վերանուանուեցաւ եւ դարձաւ Հայ մամուլի օր:

1794 թուականի այս օրը հրատարակուած է հայկական առաջին «Ազդարար» տպագիր պարբերականը:

«Ազդարար»-ը հիմնադրուած է Մատրասի մէջ 1794 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին: «Ազդարար» ամսագրի հիմնադիրն էր շիրազցի Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան: Ան գործած է մինչեւ1796 թուականի Մարտ ամիսը: Այդ ընթացքին հրատարակած է 18 թիւ (տետրակ) իւրաքանչիւրը` մօտ 50 էջ, 965 էջ ընդհանուր ծաւալով: Դադրած է գործելէ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով: Տպագրած է գրաբարով, մասամբ` հնդկահայ եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով:

«Ազդարար»-ը գիտաճանաչողական, պատմագիտական, գրական, հասարակական հանդէս էր եւ արտացոլած է հնդկահայ կեանքը, անդրադարձած է հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, ազատագրութեան խնդիրներուն: Տպագրած է նաեւ բարոյախրատական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, դաստիարակչական յօդուածներ, իրազեկած է Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին: Ամսագիրը գաղութահայերուն յորդորած է վերադառնալ հայրենիք:

«Ազդարար»-ի առանձին թիւեր տպագրուած են պատկերազարդ, կարմրագոյն տառերով: Շմաւոնեան թղթակցութիւններ կը ստանար Մատրասէն, Կալկաթայէն, Պասրայէն, Չինաստանէն, Ֆիլիփիններէն, նաեւ նիւթեր կը տպագրէր Երեւանէն եւ Շուշիէն: Ազդարարի հրապարակախօսներէն աչքի կ՛իյնար Սէթ Մամեանը: «Ազդարար»-ի գրական բաժինին մէջ տպագրուած է Յակոբ Սիմէոնեան Այուբեանցի Հէյտար խանի պատմութիւնը, Շմաւոնեան թարգմանած է նաեւ ամերիկացի մանկագիր Թովմաս Տէյի Փոքրիկ Ջեկի պատմութիւնը, Ատիսընի Միրզայի տեսիլքը, Սթիլլի Սանտօն Պարսիսայի պատմութիւնը: Տպագրած է նաեւ Խաչատուր Կեսարացիի «Պատմութիւն պարսից»-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.