2015-10-14 14:27:00

Ֆրանչիկսոս Պապ կը գնահատէ ''քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու մասին'' տեղեկագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Նորին Սրբութիւնը իր խոր գնահատանքը կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին ''տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի մասին տեղեկագիրի շարադրումին, որուն միջոցաւ աշխարհին ցոյց տուին քրիստոնեաներու կրած հալածանքներու վէրքն ու տառապանքը։ Գրեց  Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' մարդասիրական կազմակերպութեան` ''Հալածուած եւ մոռցուած։ 2013 – 2015 իրենց հաւատքին համար հարստահարուած քրիստոնեաներու մասին տեղեկագիրի'' ներկայացումին առթիւ ուղղած պատգամին մէջ որուն մէջ ապա յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին գնահատանքը, աղօթքն ու կոչը անոնց որոնք ''իշխանութիւններու գլուխն են''­, պայքարելու ոչ միայն կանխարգիլելու համար կրօնական հալածանքներն ու անհանդուրժողականութիւնը այլ որոնելու` արդիւնաւէտ մեթոտներ նպաստող միջազգային համագործակցութեան, յաղթահարելու համար մարդու արժանապատուութեան ու կրօնական ազատութեան դէմ գործադրուած սոյն վիրաւորանքը։

Կարդինալ Փարոլին ապա մաղթանք յայտնեց որ հաւատքի ու բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները, կարողանան մտահոգութիւն յայտնել ու նեցուկ կանգնիլ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք կը տառապին համայն աշխարհին մէջ, անոնց մատուցելով հոգեկան եւ նիւթական օժանդակութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.