2015-10-14 09:07:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կեանքը՝ Իր Գոյներով

Մարդոց ուշադրութենէն վրիպող կարեւոր երեւոյթներէն մէկը գոյներու տարբերութիւնն է, որ այնքան սովորական ըլլալուն՝ բնական կը թուի:
Յաճախ չե՛նք անդրադառնար, թէ կենդանիներէն ոմանց նման, եթէ սեւ ու սպիտակ տեսնէինք ամէն ինչ, աշխարհը ինչքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար մեզի համար:
Գոյներու անկարեւոր նկատուած կարեւորութիւնը շեշտելու համար կը բաւէ միայն մէկ օր հետեւիլ մէկ անձի առօրեային: Եթէ այդ անձը մանաւանդ իգական սեռին կը պատկանի, ու յատկապէս եթէ ճաշակաւոր է, առտու կանուխ աչքերը բանալուն պէս պիտի մտածէ, թէ այդ օր ինչ պիտի հագնի: Իսկ եթէ այդ օրը յատուկ օր մըն է, եւ հրաւէրի մը ներկայ պիտի գտնուի, ինչքա՜ն ժամանակ կը խլէ երբեմն զգեստաւորման խնդիրը, որուն մէջ մեծ դեր ունին վստահաբար… գոյները:
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ամէն տեղ եւ ամէն բանի համար գոյնը կարեւոր է, սկսեալ ճամբաներէն: Ինքնաշարժի երթեւեկութեան համար միջազգայնօրէն ճանչցուած երեք գոյները՝ կարմիրը, նարնջագոյնն ու կանաչը, համաշխարհային դրօշ դարձած են արդէն եւ ամէն երկրի գրեթէ բոլոր փողոցներուն մէջ «կը ծածանին», իրենց ենթարկելով տեղացի թէ օտար բազմութիւններ:
Դարձեալ, նոյն բնագաւառին մէջ, ինքնաշարժի երթեւեկութեան մէջ համաշխարհային վարկ վայելող գոյն է սպիտակը, որ սեւ ասֆալթին վրայ համաչափութեամբ գծուելով, երկրագունդը իւրայատուկ նկարչութեամբ զարդարելու համազօր երեւոյթ դարձած է: Անիկա անխօս հսկիչն է բոլորին, եւ ոչ ոք կ՛ափսոսայ ձիւնաթոյր իր գոյնին, որ գետին փռուելով՝ մարդոց սեւ կրունկներուն եւ ինքնաշարժերու մրոտած անիւներուն կոխան կը դառնայ: Աւելին, մտածե՞ր էք երբեք, թէ լեռնանցքային ոլորապտոյտ ճանապարհներուն վրայ, մշուշապատ օրերուն ինչքա՜ն կարեւոր են ճամբու եզրին գծուած սպիտակ գիծերը, որոնք կը դիւրացնեն վարորդին գործը, յաճախ փրկելով ճամբորդները խորխորատ իյնալու ստոյգ վտանգէն:
Կ՛ըսուի, թէ գոյները յարաբերական են: Այսինքն ոմանց համար այսինչ գոյնը կրնայ լաւ տրամադրութեան պատճառ դառնալ, իսկ ուրիշներու համար՝ հակառակը. մտնելով գոյներու աշխարհէն ներս, կրնանք գտնել անոնց բուն էութիւնը:
Այսպէս, սեւ գոյնը տեսնելով, յատկապէս կրօնաւորներու վրայ, ոմանք տխրութեան նշան կը համարեն զայն, մանաւանդ որ սուգի համար ընտրուած իբրեւ գոյն համայն աշխարհը այդ գոյնը ընդունած է: Դարձեալ չե՛նք հակառակիր, որ սուգի համար նախընտրելի գոյն մըն է սեւը իր լրջութեամբ ու խտութեամբ, սակայն ամբողջովին ալ համաձայն չենք ըլլար այդ գոյնին ներքին տխրութեան: Գոյնը ինքն ըստ ինքեան ո՛չ մէկ տրամադրութիւն ունի, որ կարենայ տրամադրութիւն ստեղծել մարդոց մօտ: Մարդիկ իրե՛նք են այդ գոյնին տրամադրութիւն հագցնողները, ու մանաւանդ անոր իմաստ ու նշանակութիւն տուողները: Օրինակ, մէկը կրնայ ըսել, թէ կարմիրը շատ աւելի՛ ցաւ ու վիշտ արտայայտող գոյն է, քան՝ սեւը: Իսկ ուրիշ մը կրնայ ըսել, թէ սեւին նման ուրախացուցիչ ու հանդարտեցնող գոյն չկայ…

Հոս կրնանք ըսել որ մեծապէս կը դիւրանայ ճաշակաւոր մարդուն գործը, երբ իր ունեցած բազմաթիւ զգեստներուն մէկ կտորը սեւ ըլլայ: Անոր հետ ամէն գոյն շուտով կը ներդաշնակուի եւ ընդհանուրին մէջ գեղեցիկ կ՛երեւի, առանց նուաստացնելու իրեն արժէք տուող սեւ գոյնը…

Ահա սեւին ուրախացուցիչ յատկութիւնը:
Գոյներու աշխարհի գաղտնիքները վերծանող մասնագէտներ, երբեմն մարդոց գունային նախասիրութիւնները նկատի ունենալով, որոշ գուշակութիւններ կը կատարեն անոնց նկարագրային գիծերուն մասին: Եթէ  գոյները նկարագրի վրայ կ՛ազդեն, սակայն անոնք չեն կրնար ճակատագիր տնօրինել, կամ՝ ապագան գուշակելու չափ զօրութիւն ունենալ: Գոյները Աստուծոյ ստեղծագործութեան մաս կը կազմեն, բայց չեն կրնար Աստուծոյ դերակատարութիւնը ունենալ մարդոց կեանքէն ներս:
Գոյներու լեզուով վերագրումներ կատարելը եւս ճիշդ որոշում մը չէ, օրինակ՝ սեւամորթին մաշկին գոյնը անոր դէմքի տգեղութեան առնչելը, ագռաւին տգեղութիւնը անոր փետուրներուն մուգ գոյնին ներդաշնակ տեսնելը կամ ժանգոտած բանալիի մը անհաճոյ գոյնը անոր անգործածելի դարձած ըլլալուն համազօր տեսնելը, չեն արդարանար երբեմն: Երեք պարագաներուն ալ, մեր կողմէ սխալ դատում եղած կ՛ըլլայ, որովհետեւ տգեղ դէմքով սեւամորթ մը կրնայ ազնուական սիրտ ունենալ, սեւ փետուրներով ագռաւը իր ձագերուն այնքան հոգատար էգ թռչուն մը ըլլալ ըստ բնազդի, իսկ ժանգոտած բանալի մը կրնայ գոհարներով լեցուն գանձարկղ մը բանալ, յուրախութիւն փափաքողաց…
Նայուածքի մը մէջ ալ կարելի՛ է գոյն տեսնել: Այստեղ գոյնը զգացումին «անունը» կը դառնայ: Այդ նայուածքը կրնայ թշնամական «գոյն» ունենալ, սիրոյ «գոյն» արտայայտել կամ այլ զգացումներու բարացուցիչ ըլլալ:
Գոյներու աշխարհը իր նիւթական եւ աննիւթական հասկացողութեամբ կը մնայ յարաբերական: Իր զոյգ աչքերով աշխարհը դիտող մարդուն համար սեւ գոյնը եթէ մթութեան համազօր է, անդին իր փակ աչքերու սեւ վարագոյրի ետին կանգնած կոյրին համար նոյն այդ գոյնը ամէնէն լուսաշող պատուհանն է, ուրկէ ան կը դիտէ ամբողջ աշխարհը՝ իր ամէնէն յետին մանրամասնութիւններով:
Գոյներու բնութիւնը իրենց բնական ընթացքին թողունք ուրեմն, իսկ մենք սիրենք գունաւոր աշխարհը ու փառք տանք Աստուծոյ այն գունագեղութեան համար, որ պարգեւած է մեզի, սկսեալ սեւ գոյնէն մինչեւ ամէնէն փայլուն կարծուած գոյնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.