2015-10-12 11:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներուն գլխաւոր գործունէութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուայ գլխաւոր գործունէութիւնը կ հանդիսանայ  Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որուն բացումը կատարեց անցեալ 4 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ մինչ նախօրեակին` շաբաթ 4 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի դիտաւորութեան կազմակերպուած աղօթքի հսկումին։ 

4 – 25 հոկտեմբեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ եպիսկոպոսական ժԴ սովորական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն։

Կիրակի 18 հոկտեմբերի առաւօտեան 10,15-ին, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Սուրբերու շարքին  կը դասէ չորս երանելիներ Վինչենցօ Կրոսսի, Մարիա Տէլլիմմաքոլաթա Քոնչեցիոնէ եւ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծնողքը` Լուտովիքօ Մարթին եւ Մարիա Ազելիա Կէրին։

Ապա կիրակի 25 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան 10-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ կը նախագահէ եպիսկոպոսական ԺԴ սովորական սիւնհոդոսի փակումի սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Նոյեմբեր ամսուայ քահանայապետական գործունէութեան յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ Կիրակի 1 նոյեմբերին Ամենայն սրբոց տօնին օրը։ Յետմիջօրէի ժամը 4-ին Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Վերանօ կոչուած գերեզմանատան տարածքին` Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ ննջեցեալներուն համար, ապա` 2 նոյեմբերի երեկոյեան, Վատիկանեան Գետնադամբանին մէջ աղօթք կը մատուցէ բոլոր ննջեցեալ քահանայապետերու դիտաւորութեան։

Երեքշաբթի 3 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11,30-ին Ֆրանչիսկս Պապը Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական խորանին վրայ, Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ տարւոյս ընթացքին իրենց մահկանացուն կնքած կարդինալներուն եւ եպիսկոպոսներուն հոգւոյն համար։

Իսկ Նոյեմբեր 9-ին, Լատերանեան Պազիլիքայի օծման տարեդարձին առթիւ, յետմիջօրէի 5-ին Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ, կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի եւ եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը։

Երեքշաբթի 10  նոյեմբերին Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Բրաթօ եւ Ֆիրենցէ քաղաքներուն

Իսկ կիրակի 15  նոյեմբեր յետմիջօրէին կ՛այցելէ Հռոմի Լուտերական Եկեղեցին։

Ամսուայ վերջաւորութեան` 25էն 30 նոյեմբեր, Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.