2015-10-12 11:12:00

Փրակի «Սուրբ Հոգի» Եկեղեցին փոխանցուած է Հայ համայնքին


Հոկտեմբեր 11-ին Փրակի «Սուրբ Հոգի» Կաթողիկէ եկեղեցին փոխանցուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ծխական համայնքին` անժամկէտ օգտագործման համար: Այս մասին կը հաղորդէ Չեխիոյ մէջ գործող «Օրեր» ամսագիրը։

Պատմական այս իրադարձութեան ներկայ եղած է Չեխիոյ կաթողիկէ  եկեղեցւոյ առաջնորդ,կարդինալ Տոմինիք Տուքան, որուն շնորհիւ իրականութիւն դարձած է  չեխահայերուն ցանկութիւնը:

14-րդ դարուն կառուցուած «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ փոխանցման արարողութիւնը սկսած է  ժամերգութեամբ,գոհաբանական աղօթքով:

ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան շնորհակալութիւն յայտնած է չեխ ժողովուրդին եւ կարդինալ Տուքային՝ փոխանցելով  ՀՀ կառավարութեան շնորհաւորանքները:

Ներկաներուն իբրեւ օրուան  յիշատակ բաժնուած են  փայտէ խաչեր:

Արարողութեան ներկայ եղած են Չեխիոյ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ,խորհրդարանի պատգամաւոր Մարեգ Պենտան,հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Եկեղեցի գտնուող հայերը ուրախութեամբ շնորհաւորած են զիրար եւ մոմավառութեամբ աղօթած:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.