2015-10-12 09:34:00

Մուսուլի Ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոսին կոչը Իրաքցի գաղթականներուն ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Մուսուլի ասորի կաթողկէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղած է  արեւմուտքի կառավարութիւններուն որպէսզի ընդունին քրիստոնեայ գաղթականները, մեծ խմբերով եւ ոչ անհատաբար։ Ամիսներէ ասդին իրաքցի քրիստոնեաները հեռանալէ ետք իրենց պապենական օճախներէն ապաստան գտան էրպիլ, հոն եւս կորսնցուցին յոյսը տուն վերադառնալու, այժմ կ՝ուղղուին դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Հարկաւոր է որ այդ քրիստոնեայ գաղթականները ընդունուին խմբային կերպով  որպէսզի չկորսուին ու կարենան պահպանել իրենց  ինքնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.