2015-10-12 10:18:00

Ե. Կիրակի զկնի Խաչի Մարկ ԺԲ. 35-44


Այսօր Հայ Եկեղեցին կը կատարէ Սուրբ Խաչի հինգերորդ կիրակին։ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը մեզի կը  ներկայացնէ Յիսուսի գործունէութեան եզրափակումը Երուսաղէմի մէջ։ Փարիսեցիներ, դպիրներ եւ ժողովուրդին ծերերը ստէպ Յիսուսի հետ բախումներ կ’ունենային։ Անոնք չէին կրնար ընդունիլ Յիսուսի քարոզութիւնը. իրենց սիրտը կարծրացած էր եւ փակ Աստուծոյ խօսքին դիմաց։ Մինչ պարզ մարդիկ, մանուկներ, անուս անձեր, իրենց անկեղծութեամբ եւ պարզութեամբ բաց սրտով կ’ընդունէին Աստուծոյ խօսքը եւ Արքայութիւնը՝ արժանանալով Յիսուսի դրուատիքին եւ գթառատ հոգատարութեան եւ խնամքին։

Այսօրուան ընթերցումի դրուագին մէջ, Յիսուս անգամ մը եւս կ’անդրադառնայ դպիրներու մեղադրանքներուն։ Դպիրները կառչած իրենց օրէնքի բառերուն եւ տառերուն, կ’ակնկալէին Քրիստոս մը, Մեսիա մը, իբր աշխարհային թագաւոր։ Յիսուս միշտ կը շեշտէր, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը այս աշխարհի թագաւորութիւնը չէ, աշխարհի հոգին չէ, նիւթական հարստութիւն չէ, ուրիշ անձներու վրայ բռնութիւն չէ։ Ասոր համար Յիսուս հարց կու տայ՝ “ի՞նչպէս դպիրները կրնան հաստատել, թէ Քրիստոսը Դաւթի որդին է”։ Յիսուս մարմին կ’առնէ Դաւթի սերունդէն, սակայն անոր արքայութիւնը այս աշխարհէն չէ։

Յիսուսի խօսք չէր թափանցած դպիրներու սրտերէն եւ հոգիներէն ներս։ Յիսուս սակայն այս անգամ անոնց հետ ուղղակի բախում չունենար։ Իր խօսքերը ուղղուած են ժողովուրդին, զգուշացնելով զանոնք դպիրներէն, որոնց ապրելակերպը կը հակասէր իրենց ուսուցանելու իշխանութեան։

Այսօրուան Մարկոսի Աւետարանի դրուագին մէջ իրարու դիմաց կը ներկայանան երկու հակասութիւններ՝ դպիրները, եւ այրի կինը իր ողորմութեամբ։ Մինչ դպիրները կը ներկայանան իրենց ամբողջ բացասականութեամբ՝ Այրի կինը դրական հակասութիւն մըն է անոնց ապրելակերպին։ Այրի կինը չի խօսիր, չի քարոզեր. այլ գործնական կերպով կ’ապրի ճշմարիտ բարեպաշտութիւնը։ Յիսուս կը մեղադրէ դպիրները, եւ կը դրուատէ այրի կինը։

Ուշադրութեան արժանի է նաեւ, որ Սուրբ Աւետարանի ներկայացուցած երկու դրուագները՝ ըլլա´յ Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, ըլլա´յ այս վերջին արարքը, երկուքն ալ տաճարին մէջ կը կատարուին։ Առաջին դրուագին մէջ, Յիսուս մաքրագործում կը կատարէ տաճարին մէջ վռնտելով վաճառականները, իսկ երկրորդին մէջ՝ այրի կնոջ բարի գործը, ողորմութիւնը։ Յիսուս, տաճարէն դուրս կը վռնտէ անոնք որոնք Տաճարը կը չարաշահէին ի նպաստ իրենց։ Ապա մատնանիշ կ’ընէ այրի կնոջ արարքը՝ ի նպաստ աղքատներուն։ Յիսուս կը մեղադրէ դպիրները եւ կը յայտնէ Աստուծոյ դատաստանի սպառնալիքը։

Այս դրուագին մէջ կը տեսնենք ուժեղ հակասութիւնը դպիրներու եւ այրի կնոջ։ Առաջինները՝ կը պատկանին ժողովուրդի վերնախաւին, կրօնքի մասնագէտներ են, ժողովուրդէն յարգուած, հարուստ եւ ագահ, հետաքրքրուած իրենց անձնական շահերով, մտահոգ իրենց ապագայով, պահուըտած բարեպաշտական արտայայտութիւններու ետին, մարդոցմէ յարգուած եւ հարուստ՝ լոկ խօսքերով՝ ողջոյններով եւ աղօթքներով, առ ի ցոյցս մարդկան։ Այրի կինը առանձին, պարզ բարեպաշտութեամբ, ուշադրութեան չզարնող, աղքատ եւ առատաձեռն, ամբողջ ունեցածը կու տայ Աստուծոյ, կը մտածէ աղքատներու մասին, հարուստ՝ Աստուծոյ աչքին առջեւ, մունջ եւ գործնական։

Դպիրները իրենք զիրենք արժեցնելու մարմաջն ունին։ Տուներու մէջ կը փնտռեն առանձնաշնորհումներ։ Աղօթատեղիներու մէջ առաջին տեղերը կը գրաւեն։ Ճաշկերոյթներու առաջին տեղերը կը բազմին։ Փոխանակ ընկերսիրութեան, անոնք ագահօրէն աղքատներն ալ կը կողոպտեն։ Կը չարաշահեն այրիներու տկարութիւնը, ձեռք ձգելու համար անոնց տուներն իսկ։ Նոյնիսկ իրենց աղօթքները կեղծիքով լի են։

Այրի կնոջ դէպքը կը կատարուի Տաճարի հիւսիսային կողմը, ուր կային 13 գանձանակներ։ Յիսուս պատահաբար չէ որ կը տեսնէ Այրի կնոջ բերած ողորմութիւնը, այլ այնտեղ կեցած կը դիտէր։ Ըստ սովորութեան այնտեղ նստող քահանաները, որոնք ողորմութիւնները կ’ընդունէին, նուիրատուին հետ կը յստակէին ողորմութեան քանակը եւ նպատակը։ Ասոր համար է, որ այրի կնոջ ողորմութեան քանակը ճշգրիտ կերպով յիշուած է։

Յիսուս կը մաքրագործէ Տաճարը, չընդունիր անոնք, որոնք Տաճարը վերածած էին շահի աղբիւրի։ Մինչ կը յորդորէ նմանիլ այրի կնոջ օրինակին, ճշմարիտ պաշտամունքով, կատարուած անկեղծութեամբ, մաքուրս սրտով եւ սիրով։

Յիսուս այս աննշան արարքին համար իրեն կը կանչէ առաքելաները եւ նկատել կու տայ, թէ այդ կնոջ ողորմութիւնը աւելի արժէք ունի քան հարուստներու տուած գումարները։ Մինչ դպիրները խիստ դատաստանի պիտի ենթարկուին, այրի կինը փրկութեան ճանապարհին վրայ է, ան աւելի հասկցած էր քան ուսեալ դպիրները։

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է այրի կնոջ նման իր կեանքը վստահի Աստուծոյ։ Այդ աղքատ, առանցին կինը իր ամբողջ ունեցածը կու տայ։ Իր ապագան իր գոյատեւումը կը դնէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Չի մտածեր թէ ինչպէս ապահովէ ապրուստը, չի մտածեր պահել դրամը վաղուան հոգերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.