2015-10-12 09:20:00

Ալեքսանդր Լուքաշենքոն յաղթած է Պելառուսիոյ նախագահական ընտրութիւններուն


Պելառուսիոյ գործող նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոն յաղթած է հանրապետութեան ղեկավարի ընտրութիւններուն` ստանալով ընտրողներու ձայներուն 83.49 տոկոսը։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահ Լիտիա Էրմոշինան:

Գործող նախագահի լաւագոյն արդիւնքը եղած է Մոգիլեւեան շրջանին մէջ, ուր անոր օգտին քուէարկած է ընտրողներուն 88.29 տոկոսը, վատագոյնը` Մինսքի մէջ, ուր ան հաւաքած է 65.58 տոկոսը: Բայցեւայնպէս, գործող նախագահը այս ընտրութիւններուն ապահոված է լաւագոյն արդիւնքը` իր մասնակցած հինգ ընտրութիւններուն համեմատ:

Էրմոշինայի խօսքով, ԿԸՅ նախնական տուեալներով, «ճշմարտութիւնը ըսէ» ընդդիմադիր շարժման ակտիւիստ, Պելառուսիոյ պատմութեան մէջ առաջին կին թեկնածու Թաթեանա Գորոդգեւիչը հաւաքած է ձայներու 4.42 տոկոսը, Լիպերալ դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Սերգէյ Կայտուկեւիչը` 3.32 տոկոսը, Պելառուսիոյ հայրենասիրական կուսակցութեան առաջնորդ Նիքոլայ Ուլախովիչը` 1.67 տոկոսը: Բոլորին դէմ քուէարկած է ընտրողներուն 6.4 տոկոսը:

ԿԸՅ ներկայացուցած տուեալները չեն ներառեր քուէարկութեան արդիւնքները Պելառուսիոյ սահմաններէն դուրս` արտասահմանեան ընտրատեղամասերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.