2015-10-10 10:41:00

Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն հայող պիտանի տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հռչակելով Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարին, կոչ ուղղած է իւրաքանչիւր թեմի եւ ժողովրդապետութեան, համայնքի եւ անհատի, որ Ողորմութեան Տարին ապրին ազդու կերպով։ Հարկաւոր է, որ իւրաքանչիւր թեմի մէջ բացուին Ողորմութեան Դռները, որոնք՝ նման Քահանայապետական Տաճարներուն, առիթ պիտի տան ապրիլ Ողորմութեան Տարին ա´յն ուխտաւորներուն, որոնք Հռոմ չեն կրնար երթալ։

Ողորմութեան Դռները

Ամբողջ աշխարհի տարածքին, տեղւոյն Վիճակաւորները հոգ տանին, որ իրենց թեմերու եկեղեցիներէն ոմանք բանան Ողորմութեան Դռներ։ Բացի յիշեալ եկեղեցիներէն, պէտք է բացուին նաեւ յատուկ նշանակութիւն ունեցող սրբավայրերու դռները։

Ողորմութեան Դռներու բացումը

8 դեկտեմբերին պիտի բացուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարի Ողորմութեան Դուռը։ Բոլոր տեղական եկեղեցիները կատարեն նոյնը՝ ծննդեան պատրաստութեան երրորդ կիրակին, (ըստ լատին տօնացոյցին, 13 դեկտեմբեր, 2015), Սուրբ Պատարագի հետ կապուած արարողութեամբ, որ կարելի է կատարել նաեւ եպիսկոպոսի ներկայացուցիչի մը նախագահութեամբ։ Սոյն Կիրակին, Սրբազան Պապը պիտի բանայ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Մայր Տաճարի Սուրբ Դուռը։

Այս առիթով, Սուրբ Աթոռի Պաշտամունքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու Կարգապահութեան Ժողովը՝ յատուկ արարողութիւն մը պատրաստած է։ Այդ արարողութիւնը հրատարակուած է “Celebrare la Misericordia” գրքոյկին մէջ, որ առաջին հատորն է Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն, եօթ լեզուներով հրատարակուելիք շարքի մը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է առնել Յոբելենական Տարւոյն յատկացուած կայքէջէն՝ www.im.va

Յոբելենական Եկեղեցիներ

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս, Սանթա Մարիա Մաճճորէ եւ Սուրբ Պօղոս Քահանայապետական չորս Տաճարներէն իւրաքանչիւրը ունի Սուրբ Դուռ մը։ Նաեւ Սուրբ Երկրի Տաճարները աւանդական Յոբելենական Եկեղեցիներ են։ Իսկ թեմերու մէջ, վիճակաւորը կ’որոշէ այն եկեղեցիները, որոնք պիտի բանան Սուրբ Դուռը։

Հռոմի մէջ, բացի Քահանայապետական չորս տաճարներէն, նկատի պիտի առնուին նաեւ Սուրբ Լորենցօ, Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Սեբաստիանոս եկեղեցիները։ Այս եօթ եկեղեցիներու աւանդական ուխտագնացութիւնը հաստատուած է 16րդ դարուն, Սուրբ Ֆիլիփօ Ներիի կողմէ։ Հռոմի մէջ նաեւ այլ սրբավայրեր տրամադրուած են՝ ներողութիւններ շահելու համար։

Սուրբ դռնէն անցքը

Այն անհատը, որ Սուրբ Դուռէ մը կ’անցնի եւ կամ այլ ողորմութեան գործ մը կը կատարէ, ինչպէս՝ հիւանդներ եւ բանտարկեալներ այցելելով, կ’ընդունի ընդհանուր ներողութիւն։ Պէտք է ողորմութեան այս գործերուն ընկերանայ պատրաստակամ սիրտ մը, որպէսզի Աստուծոյ տուած շնորհքը կարենայ պտղաբերել։ Նաեւ պէտք է կատարել այլ աղօթքներ, դաւանիլ հաւատքը եւ աղօթել Սրբազան Պապի դիտաւորութեան։ Յոյժ յանձնարարելի են Հայր Մերը եւ Ֆրանչիսկոս Պապի Յոբելինական Տարւոյն համար հեղինակած աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.