2015-10-10 11:06:00

Երկու կրօնաւորուհիներ կ՝ապրին էրպիլի քրիստոնեայ գաղթականներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աֆնան և Ալիս` Charles de Foucauld-ի հիմնած միաբանութեան փոքրիկ քոյրերու երկու կրօնաւորուհիներ,  մէկ ամիսէ ի վեր կ՝ապրին էրպիլի արուարձանի շրջանի մէջ, հազարաւոր քրիստոնեայ գաղթականներու հետ միասին, որոնք իրենց տուներէն հեռացած են ու ապաստան գտած էրպիլ` փախչելով ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքէն։ Երկու կրօնաւորուհիները իրենց այս ընտրութեամբ բաղձանք յայտնեցին բաժնեկցելու արտահան եղած քրիստոնեաներու կեանքը որպէս մօտիկութեան եւ զօրակցութեան նշան։








All the contents on this site are copyrighted ©.