2015-10-10 11:47:00

Անգարայի մէջ պայթում մը տասնեակ զոհեր կը պատճառէ։


Շաբաթ 10 հոկտեմբերին` Անգարայի խաչմերուկի մը վրայ‚ ուր այսօր նախատեսուած էր ձախակողմեան սենտիքաներու ցոյց մը,  տեղի ունեցաւ պայթում մը որ առնուազն 30 զոհ եւ 126 վիրաւոր պատճառեց։

Թուրքիոյ կառավարութիւնը արտակարգ ժողով մը գումարեց քննարկելու համար Անգարայի մէջ պայթումի հարցը։ Կառավարութիւնը պայթումը նկատեց «ահաբեկչական յարձակում» մը։ Ըստ ականատեսերու, երկու պայթում տեղի ունեցած է։ ՔԱԿ-ի եւ թրքական բանակին միջեւ բախումներուն դէմ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներ էին։








All the contents on this site are copyrighted ©.