2015-10-09 13:34:00

Պետական քարտուղարութեան 9 հոկտեմբերի թուիթը


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Կալլակէր, ՄԱկ-ի հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ, 2 հոկտեմբերին գումարուած ''խաղաղութեան, ապահովութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ի սպաս ուղեւորութիւն'' նիւթով նիստի ընթացքին արտասանած խօսին մէջ­, յայտնած է որ ներկայ ողբերգական իրավիճակը, կարիքը ունի յանձնառումի մը` դիմագրաւելու համար այն պատճառները որոնք կը ստիպեն ժողովուրդները տեղահանութեան։

Այս առընչութեամբ` Վատիկանի Պետական քարտուղարութիւնը­, ուրբաթ 9 հոկտեմբերին հրատարակած է թուիթ մը որուն  որուն մէջ գրած է.

''Ներկայ ողբերգական իրավիճակը, կը  պահանջէ անյապաղ յանձնառում,  դիմագրաւելու համար պատճառները որոնք կը ստիպեն ժողովուրդները փախուստ տալու''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.