2015-10-08 09:08:00

Եւրոպական խորհուրդի որոշումը մարդու իրաւունքներու հարցերով


Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ չորեքշաբթի, 8 հոկեմբերին, նախարարներու կոմիտէին տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերով միացեալ աշխատանքային խումբին մէջ  Եւրոպական խորհուրդի մասնակցութիւնը կասեցնելու` իր որոշումին  մասին:

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ գրասենեակը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է:

«Հոկտեմբեր 2014-էն սկսեալ, Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչները կը մասնակցէին Պաքուի մէջ տեղի ունեցող  հանդիպումներուն, որոնց նպատակը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն  եւ հասարակութեան միջեւ երկխօսութեան վերականգնումն էր:

«Անկախ այդ նախաձեռնութենէն, մարդու իրաւունքներու վիճակը, ընդհանուր առմամբ, այդ երկրին մէջ էապէս վատթարացած է: Աճած է բանտարկուած իրաւապաշտպաններու թիւը: Եւրոպական խորհուրդը տագնապեցնող տեղեկութիւններ ստացած է ազատազրկման վայրերու մէջ զանոնք պահելու պայմաններուն վերաբերեալ:

«Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը իր այդ որոշումին մասին տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը», նշուած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.