2015-10-07 10:00:00

Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի մէջ բնական աղէտներ


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Հարաւային եւ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգներու տեղական իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները յայտնած են, որ երկու նահանգներուն մէջ տեղատարափ անձրեւներէն յառաջացած ողողումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է ութի:

Անոնց տուեալներուն համաձայն, Հարաւային Քարոլայնայի մէջ վերջին չորս օրուան ընթացքին մահացած են վեց անձեր, որոնցմէ հինգը` օդերեւոյթի պայմաններուն իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածներու պատճառով: Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ ողողումներու հետեւանքով արձանագրուած է երկու զոհ:

Նշեալ նահանգներուն մէջ տեղատարափ անձրեւներուն պատճառը Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ մոլեգնող «Հոաքին» փոթորիկն է: Հարաւային Քարոլայնայի կացութիւնը աւելի ծանր է: Օդերեւութաբաններու տուեալներով` այդ նահանգներու շրջաններէն մէկուն մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին արդէն շուրջ 450 միլլիմեթր անձրեւ արձանագրուած է եւ յառաջիկայ ժամերուն եւս կը նախատեսուի, որ տեղայ 50-էն 150 միլլիմեթր անձրեւ: Նահանգին մէջ առանց ելեկտրականութեան կը մնան աւելի քան 30 հազար մարդ: Ջրամատակարարումը խախտած է նահանգի 375 հազար բնակիչներու տուներուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 3 հոկտեմբերին նահանգին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր, ինչ որ նահանգին կ՛արտօնէ լրացուցիչ ելեւմտական միջոցներ ստանալ, ինչպէս նաեւ փրկարար աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել Միացեալ Նահանգներու Ազգային պահակագունդի զինուորները:

Միւս կողմէ, Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի Կուանտուն նահանգին մէջ «Մուչժիկէ» փոթորիկին (չինական անունը` «Ցայհուն») պատճառով արձանագրուած է 6 զոհ եւ 215 վիրաւոր: Շտապ կարգով շրջանէն հեռացուած է 30 հազար բնակիչ: Անյայտ կորսուած կը նկատուին 16 ձկնորսներ:

Չինաստանի պետական օդերեւութաբանական վարչութեան տուեալներով` Կուանտունի նահանգի կեդրոնական եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ աւելի քան 100 մմ անձրեւ արձանագրուած է, Շենչժեն քաղաքի շրջանին մէջ այդ ցուցանիշը շրջանցած է 249 միլլիմեթրը:

Որոշ բնակավայրերու մէջ քամիի արագութիւնը հասած է վայրկեանը 67,2 մեթրի:








All the contents on this site are copyrighted ©.