2015-10-07 09:39:00

Հայր Լոմպարտի կը յայտնէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Մեքսիքան պիտի այցելէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի պատասխանելով իրեն ուղղուած մէկ հարցումին` յայտնեց թէ Ֆրանչիսկս Քահանայապետի իղձն է այցելել Մեքսիքոն, ինչպէս նոյնինքն քահանայապետը հաստատած է զանազան առիթներով։ Հայր Լոմպարտին ապա յայտնած է թէ յառաջիկայ տարի իրականացուելիք այս ճամբորդութեան ծրագիրը մշակումի մէջ է եւ որուն ուղղութեամբ հաստատ քայլեր առնուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.