2015-10-07 10:07:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Հոր Փորողին Տեղը


Կենսոլորտային խնդիրներու մասնագէտներ վաղո՜ւց ահազանգ հնչեցուցած են ջուրի տագնապին գծով՝ զգուշացնելով մարդկութիւնը մօտալուտ երաշտէ, եթէ աշխարհ շարունակէ նոյն թափով օգտագործել երկրագունդի բնական հարստութիւններէն համարուող կենսական ջուրը:
Որոշ երկիրներու մէջ արդէն նախանշաններ կ՛երեւին, երբ լիճեր կը չորնան, երբեմն իրենց հանքային նիւթերու փոշին հովին հետ քաղաքներու վրայ տարածելով եւ մշակուած դաշտերուն վտանգ սպառնալով:

Ըմպելի ջուրի տագնապ ունեցող երկիրներ նոյնիսկ ծովու ջուրը մաքրազտելու հնարքներ մտածած են, անշուշտ եթէ նիւթապէս ալ բաւարարուած վիճակ կը ներկայացնեն, որպէսզի մաքուր ջուրի մատուցումով քաղաքացիները փրկեն ապականած ջուրեր ըմպելու ստիպողութենէն եւ առաջքը առնեն անկանխատեսելի աղէտներու:

Հինէն ի վեր, սակայն, մինչեւ իսկ անապատային դժուարին պայմաններու մէջ, հոր փորելով ջուր ունենալու միջոցը ընդունուած է: Մասնագէտներ լեռնային ջուրերու հոսանքներուն ջիղերը կ՛ուսումնասիրեն, յատուկ գործիքներով անոնց ընթացքը կը քարտիսագրեն եւ կանխաւ կը յայտնեն իրենց դիմողներուն, թէ շէնքի ուղղութեան վրայ ջուր կա՞յ, թէ չկայ: Կամ՝ եթէ կայ, որքա՞ն խորութեան վրայ կը գտնուի ջուրը, եւ որքա՞ն ելեկտրուժ պիտի վատնուի զայն ամէն անգամ որոշ քանակութեամբ դուրս քաշելու համար:
Աստուածաշունչին մէջ ալ հոր փորող եւ խաշնարած հին ցեղերուն համար ջուր նուիրող նահապետներուն նկատմամբ միշտ երախտագէտ եղած են հետագայ սերունդներ:

Ջուր մատակարարելու համար հորերու փորուիլը եթէ անցեալին թէ հիմա այնքան դրական երեւոյթ մըն է, անոր բարոյական հասկացողութիւնը, փոխաբերական իմաստով, ո՛չ միայն դրական չէ, այլ՝ վնասակար ու վտանգաւոր:

Բարոյագիտութեան դասագիրքին այս գլուխը յատկացուած է իրենց նմանին համար թակարդներ լարող մարդոց, որոնց քանդարար գործին համար փոխաբերութիւն իբրեւ կը գործածուի «հոր փորող» բացատրութիւնը:

Ասոնք հոր չե՛ն փորեր ջուր հանելով բարիք գործելու համար: Ընդհակառակը, անոնց փորած հորերը եթէ նոյնիսկ ջուր ունենան, հոն ինկողը խեղդելու համար կ՛ըլլան եւ ո՛չ թէ անոր ծարաւը յագեցնելու… Իսկ եթէ պատահի որ անոնց փորած հորերը չոր ըլլան, այս պարագային ալ անոնք կը վերածուին բանտերու, հոն ինկողը վերջնականապէս ազատազրկելու համար:
«Հոր փորելու» բարոյական իմաստը աւելի կիզակէտի տակ բերելով, նման անձերու կերպարը կրնանք բնորոշել իբրեւ անխիղճ այն մարդիկը, որոնք հիմնականօրէն նախանձէ դրդուած՝ ծրագիրներ կը մշակեն, մէկ խօսքով «ոտքերուն տակ հոր կը փորեն» արգելք հանդիսանալու ուրիշներու յառաջդիմութեան, վերելքին, յաջողութեան եւ նոյնիսկ կատարելութեան հասնելուն:

Իսկ ո՞ւր կը գտնուի հոր փորողը արդեօք:

«Հոր փորողը» կը գտնուի «հորին» մէջ… Ուրեմն յստակ է անոր «տեղը» մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ: Հապա ո՞ւր պիտի գտնուէր ան, երբ գիշեր ու ցերեկ այդ է իր գործը… «Հորէն» դուրս գալու համար, բարոյական բարձր արժանիքներ հարկաւոր են: Այնքան ատեն որ «հոր փորելու» աշխատանքը առօրեայ գործ ու զբաղում կը դարձնեն ոմանք, բնականաբար չե՛ն կրնար այլ աշխատանքով զբաղիլ: Իսկ այդ գերզբաղուածութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք միշտ գտնուին նոյն այն «փոսին» մէջ, զոր իրենց ձեռքերով բացած են ուրիշներուն համար…
«Հոր փորողին» պէտք չէ վստահիլ... նոյնիսկ եթէ  ջուր ըլլայ, դարձեալ վստահելի չէ՛, որովհետեւ այդ ջուրին մէջ ուրիշները խեղդելու ծրագիրը արդէն իսկ ի մտի ունի «հոր փորողը»: Ամէն պարագայի, «հոր փորողը» իր բացած մութ փոսին մէջ դարանակալ նստող սա՛րդն է   որս մը բռնելով խեղդամահ ընելու երազով տարուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.