2015-10-07 09:54:00

Եմէնի մէջ երեք պայթումներ


Երեք պայթումներ երեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին,  ցնցեցին Եմէնի Ատեն քաղաքը: Անոնցմէ առաջինը թիրախ դարձուց «Քասր» պանդոկին մէջ Խալետ Պահահի գլխաւորած կառավարութեան նստավայրը, երկրորդը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ուժերու կեդրոնատեղին, իսկ երրորդը` Շահպ քաղաքին մէջ արաբական միացեալ ուժերու զինուորական գործողութիւններուն հսկելու գրասենեակը:

Վարչապետ Խալետ Պահահ եւ անոր կառավարութեան անդամները անվնաս մնացին, սակայն, ըստ եմէնեան բժշկական աղբիւրներու, տասնեակներով էմիրաթցի զինուորներ սպաննուած են: Էմիրաթական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սէուտական ղեկավարութեամբ ուժերուն եւ անոնց դաշնակից եմէնեան ուժերուն շարքերուն մէջ արձանագրուած են 15 զոհեր, որոնցմէ չորսը էմիրաթցի եւ մէկը` սէուտցի








All the contents on this site are copyrighted ©.