2015-10-06 10:57:00

Եունան Պատրիարքի յոյսը՝ սիւնհոդոսի ուշադրութիւնը Միջին Արեւելքի ընտանիքներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Անտիոքի Ասորիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Իգնատիոս Գ Եունան,  որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանի մէջ գումարուած ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցի  մը ընթացքին յոյս յայտնած է որ յառաջիկայ օրերուն եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին շարունակուին քննարկուիլ Միջին Արեւելքի, Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեայ ընտանիքներուն ցաւալի իրավիճակը։

Յայտնենք թէ  Կարդինալ Փիթէր Էրտօ, սիւնհոդոսի գլխաւոր զրուցողը, երկուշաբթի` 6 հոկտեմբերին, իր ունեցած ելոյթին մէջ յայտնեց թէ պէտք չէ մոռնալ աշխարհի մէջ  ընտանիքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտը դնելով յատկապէս Միջին Արեւելքի,  Իրաքի եւ  Սուրիոյ մէջ ընտանիքներուն ապրած  դժուարութիւններուն, որոնք թիրախ են կրօնական  հալածանքներու։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.