2015-10-06 12:22:00

''Աստուած ողորմութիւն կ՛ուզէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երեքշաբթի, 6 սեպտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ  Պատարագին ընթացքին արտասանած Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով օրուայ Սուրբ  Գրային ընթերցումին ուր կը  խօսուի Յովհնան մարգարէի մասին որ ան կը հակառակի Աստուծոյ կամքին ապա կը հասկնայ թէ պէտք է հնազանդիլ Տիրոջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ շնորհիւ  Յովնան Մարգարէի Քարոզչութեան Նինվէ քաղաքը դարձի եկաւ հաստատեց  թէ Յովնան մարգարէն իսկապէս հրաշք գործեց  որովհետեւ գիտցաւ մէկի դնել իր համառութիւնը եւ հլու գտնուեցաւ Աստուծոյ կամքին, ու կատարեց այն ինչ որ Տէրը խնդրած էր իրմէ։Երբ սիրտը կարծր է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Աստուծոյ ողորմութիւնը այնտեղ մուտք չի գործեր։

''Այս է ողբերգութիւնը'' նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ''Նոյնիսկ օրէնսգէտները  չէին հասկցած  Յիսուսի ողորմութիւնը երբ Ան՝ թոյլ չի տուաւ քարկոծել մեղաւոր կինը  եւ մեղաւորներուն հետ  ընթրիք կ՛ընէր։ Անոնք չէին հասկցած ողորմութիւնը։

Այնտեղ ուր կայ Աստուած, շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը, հոն կայ ողորմութիւն եւ Սուրբ Ապրոզիոս կ՛աւելցնէր ''ուր կայ խստութիւն հոն կայ անոր պաշտօնատարերը''։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ ''Ողորմութեան Սուրբ Տարուան սեմին, Աղօթենք Տիրոջ որ մեզի հասկցնէ թէ ինչպիսի սիրտ մը ունի, թէ ինչ կը նշանակէ ''ողորմութիւն'', եւ  թէ ինչ կ՛ուզէ ըսել երբ Ան կ՛ըսէ Ողորմութիւնը կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ'' ասոր համար այսօր մեր աղօթքներուն մէջ խնդրեցինք ''մեզի շնորհէ քու ողորմութիւնդ որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հասկնանք միայն այն ատեն երբ Ան մեր վրայ կը զեղու իր այս ողրմութիւնը, մեր մեղեքերուն ու մեր խեղճութիւններուն վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.