

(Ռատիօ Վատիկան) Անտիոքի Ասորիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Իգնատիոս Գ Եունան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանի մէջ գումարուած ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յոյս յայտնած է որ յառաջիկայ օրերուն եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին շարունակուին քննարկուիլ Միջին Արեւելքի, Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեայ ընտանիքներուն ցաւալի իրավիճակը։
Յայտնենք թէ Կարդինալ Փիթէր Էրտօ, սիւնհոդոսի գլխաւոր զրուցողը, երկուշաբթի` 6 հոկտեմբերին, իր ունեցած ելոյթին մէջ յայտնեց թէ պէտք չէ մոռնալ աշխարհի մէջ ընտանիքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտը դնելով յատկապէս Միջին Արեւելքի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ընտանիքներուն ապրած դժուարութիւններուն, որոնք թիրախ են կրօնական հալածանքներու։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |