2015-10-05 11:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ընտանիքի մասին եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին բացման խօսքը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց ընտանիքի նուիրուած Սիւնհոդոսի բացման խօսքը։

Իր պատգամին մէջ, Սրբազան Պապը յիշեցուց “Սիւնհոդոսը, ինչպէս գիտենք, հաւաքական եւ սիւնհոդոսական հոգիով՝ միասնական ուղեւորութիւնն է, որուն կետնպատակն է՝ եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի բարիքը, եւ հոգիներու փրկութիւնը, որ Եկեղեցւոյ գերագոյն օրէնքն է։

Կ՝ուզեմ յիշեցնել թէ Սիւնհոդոսը գիտաժողով մը չէ, ոչ ալ խօսարան կամ խորհրդարանի մը մէջ առնուած որոշումներու պարտադրանք։ Սիւնհոդոսը եկեղեցական արտայայտութիւն մըն է՝ կարդալու համար իրականութիւնը՝ միասնական ընթացքով, հաւատքի աչքերով եւ Աստուծոյ սրտով։

Սիւնհոդոսը կը գործէ Եկեղեցւոյ ծոցին եւ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին մէջ, որուն մենք մաս կը կազմենք՝ որպէս հովիւներ եւ ծառաներ։

Սիւնհոդոսի մէջ Սուրբ Հոգին կը խօսի բոլոր անձերուն՝ զանազան լեզուներու միջոցաւ. այն անձերուն, որոնք թոյլ կու տան որ Աստուած առաջնորդէ զիրենք։ Աստուած միշտ անակնկալի կը մատնէ մեզ. Ան կը յայտնէ փոքրիկներուն այն, ինչ որ ծածուկ կը պահէ գիտնականներէն եւ խելացիներէն։

Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ, ուր համաձայնութիւններու յանգելու եւ փոխզիջումներ կատարելու պարտադրանք ըլլայ։ Սիւնհոդոսը կարող է ինքզինք Սուրբ Հոգիի տրամադրութեան յանձնել՝ միայն առաքելական խիզախութեամբ, աւետարանական խոնարհութեամբ եւ աղօթքով. որպէսզի ինքնին Սուրբ Հոգին մեզ դատէ եւ մեզ լուսաւորէ։

''Առանց Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեան, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեր բոլոր խօսքերը կը մնան լոկ խօսքեր որոնք չեն յագեցներ ու չեն ծառայեր։ Եթէ չթողունք որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեզ, բոլոր մեր որոշումները պիտի ըլլան, միայն զարդարանք որոնք փոխանակ Աւետարանը մեծարելու կը ծածկեն ու թաքուն կը պահեն զայն''։  

Իր զեկոյցին մէջ Սրբազան Պապը, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սիւնհոդոսի բոլոր կազմակերպիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց գործունեայ բաժինը կը բերեն ի նպաստ Սիւնհոդոսի յաջող ելքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.