2015-10-05 11:41:00

Սկիզբ առին Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 5 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ կատարուած ժամասացութեան աղօթքով սկիզբ առին Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սովորական ԺԴ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը, որոնց գլխաւոր նիւթն է ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ'' եւ որ շարունակութիւնը կը հանդիսանայ  անցեալ  2014-ին նոյն շրջանին գումարուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին։

Աշխատանքային նիստերու բացումը կատարեց ողջոյնի խօսքով` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա որ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի եւ կարդինալ Ռայմունտօ Տամաշենօ Ասսիզի հետ միասին, Սիւնհոդոսի համանախագահն է։

Ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր յորդորը ուղղելով Սիւնհոդոսական 270 հայրերուն։

Յայտնենք թէ վերոյիշեալ Սիւնհոդոսական նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` Արհ. գերապայծառ Լեւոն  Զէքիեանը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի արտասանած պատգամէն ետք` խօսք առաւ ապա Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսերի, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց սիւնհոդոսի նիստերու գործընթացը, անոր պատրաստողական ընթացքը, աշխատանքներու մեթոդաբանութիւնը ու սիւնհոդոսի ի նպաստ աղօթքի ձեռնարկները ու խօսքը եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապին Քուպա կատարած այցելութեան ընթացքին արտասանած խօսքերով ''Ընտանիքները հարց մը չեն այլ նախ եւ առաջ հնարաւորութիւն։ Հնարաւորութիւն որ պէտք ենք խնամել, պաշտպանել եւ որուն պէտք է ընկերանանք''։ 

Կարդինալ Պալտիսերրիի ներածականէն ետք, խօսք առաւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող` Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոսը եւ Հունգարիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Փիթեր Էրտօ որ ներկայացուց սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը ու անոր պարունակութիւնը որ կը ներկայացնէ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու ուղեցոյցը։

Կարդինալ Էրտօ անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն.

Ընտանիքի մարտահրաւէրներու ունկնդրութիւնը որոնց ենթանիւթերը հանդիսացան. Ընկերա -մշակութային շրջանակը, մարդաբանական փոփոխութիւնը, իշխանութիւններէն խուսափիլ, իշխանային անկայունութիւնը, անհատականութիւն եւ ենթակայականութիւն, կենսաբանական եւ մշակութային երեւոյթներ։

Զեկոյցի երկրորդ գլխաւոր նիւթը եղաւ` Ընտանիքի կոչումին խորթափանցումը որ կը նեռարէ հետեւեալ ենթանիւթերը. Ընտանիքը եւ Աստուածային Մանկավարժութիւնը. Յիսուս եւ Ընտանիքը։ Անքակտելիութիւն` պարգեւ եւ պարտականութիւն։ Ընտանիքը պատկեր Սուրբ Երրորդութեան։ Ընտանիքը Եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ։ Ընտանիքի միսիոներական ծաւալը։ Ամուսնութեան անլուծանելիութիւնը եւ միասնաբար ապրելու ուրախութիւնը։ Արարիչին ծրագիրը եւ բնական ամուսնութիւն։ Ողորմութիւն` հանդէպ վիրաւոր ընտանիքներուն. Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Ողորմութիւն եւ յայտնուած ճշմարտութիւն։

Երրորդ գլխաւոր նիւթն է`  Ընտանիքի ժամանակակից առաքելութիւնը որ ունի հետեւեալ ենթանիւթերը։ Ընտանիք եւ աւետարանութիւն։ Ընտանիք, կազմաւորում եւ պետական հիմնարկները։ Ընտանիք ուղեկցութիւն եւ եկեղեցական համալրում։ Ընտանիք, որդեծնութիւն  եւ դաստիարակութիւն։  Որդեծնութեան պատասխանատուութիւնը։ Մարդկային կեանքը անշօշափելի խորհուրդ եւ դաստիարակութեան մարտահրաւէրը ու ընտանիքի դերը աւետարանութեան ի սպաս։

Կարդինալ Էրտոյի զեկոյցէն ետք սկիզբ տրուեցաւ սիւնհոդոսի աշխատանքներուն ու սիւնհոդոսական հայերուն` ''Instrumentum laboris - աշխատանքային թղթածրար''ի Առաջին Գլխաւոր նիւթին  հայող միջամտութիւններուն։

Յայտնենք թէ կարդինալ Էրտօ իր զեկոյցին մէջ, խօսելով ընկերային անարդարութիւններուն մասին անդրադարձաւ բռնութիւններուն. աղքատութեան ու գաղթականութեան երեւոյթներուն որոնք մարտահրաւէր մըն են ընտանիքներուն համար։ Անդրադարձաւ ապա վիժումի հարցի մասին ու յայտնեց թէ Ընտանիքին մէջ է որ ''կը սորվինք ի՞նչ ըսել է հասարակաց բարիք'' որովհետեւ  ''ընտանիքը կեանքի ու սիրոյ հասարակութիւն է, տնային եկեղեցի մը հիմնուած սուրբ պսակի խորհուրդի վրայ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.