2015-10-05 14:18:00

''Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքը յաչս ժամանակի մարտահրաւէրին'' խորհրդակցութեան օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետէն` 18 հոկտեմբեր 1990-ին վաւերացուած  Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու կանոնագիրքը կը բոլորէ իր 25 ամեակը։

Այս առթիւ կանոնագիրքի քահանայապետական խորհուրդը, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին հետ միասին, շաբաթ 3 հոկետմբերին, կազմակերպեց կլոր սեղան մը Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքին մասին որուն ընթացքին ունեցած զեկոյցին մէջ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովին, բացայայտեց որ Արեւելեան 23 եկեղեցիներու համար այս կանոնագիրքը կարելի դարձուց հանդիպումը ` ընդմէջ արեւելեան  ու լատին մշակութային, եկեղեցական ու նուիրապետութիւններու աւանդութիւններուն։

Մեր այս հանդիպումի ընթացքին  կարելի է հարցաքննել  հարկաւորութիւնը վերատեսելու եւ խորացնելու Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքը յաչս արդի հարցադրումներու եւ օրէնսդրական զարգացումներու։

Կանոնագիրքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարդինալ Քոքոբալմիերօ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց որ Միջին Արեւելքի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական ողբալի կացութիւնը, նոր հարցեր յարոյց հովուական ու իրաւական գետնի վրայ ուր բազմաթիւ քրիստոնեաներ պարտադրուած են արտահանումի։ Այս երեւոյթին առջեւ Եկեղեցին կանչուած է սերտելու նոր եղանակներ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու կազմաւորումին, ընտանիքի ու խառն ամուսնութեան, հոգեւոր կեանքին ու անոնց ներկայութեան` լատին թեմերու մէջ։

Հարկաւոր է այս բոլոր գրաւները դիմագրաւել չվիրաւորելու համարարեւելքի հաւատացեալներուն իրաւունքը ու պահպանելու անոնց ծիսական իրաւունքը, որ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ համար մեծ հարստութիւն ու ժառանգութիւն մըն է։

Կարդինալ Քիւրտ Քոխ` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին խօսեցաւ կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիներու խարիզմի մասին ու անոնց նպաստին ի սպաս կաթողիկէ ու օրթոտոքս եկեղեցիներու միութեան։

Նշենք որ Արեւելեան կաթողիկէ կանոնագիրքի ուսմանց օրը տեղի ունեցաւ երկու նիստերով. առաջինը` համամիութեան երկխօսութեան զարգացումները, գաղթական արեւելեան հաւատացեալներու հովուութիւնը ու արեւելեան եկեղեցիներու իւրաքանչիւր ծէսին պահպանութիւնը, նիւթով։ Երկրորդը` վերատեսել արեւելքի հաւատացեալներու հովուական կեանքը, պաշտպանել ընտանիքը ու վերատեսել եւ պահպանել արեւելքի հաւատացեալներու ինքնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.