2015-10-04 13:34:00

Դ. Կիրակի զկնի Խաչի (Բ Կոր ԺԳ. 5-13 - Մարկ ԺԱ. 27-33)


Այսօր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Խաչի յաջորդող չորրորդ Կիրակին է։ Խաչը մեզի համար փրկութեան նշան է։ Քրիստոսի մահով մենք բուժուեցանք մեղքի պատճառած վէրքերէն եւ հիւանդութիւններէն։ Քրիստոսի մահով մենք փրկուեցանք մեղքի պատճառած մահէն։ Քրիստոսի մահով մենք հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ։ Խաչը՝ Աստուծոյ սիրոյն գերագոյն արտայայտութեան նշանը, խորհրդանիշ է բուժումի եւ փրկութեան. խորհրդանիշ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ։

Այսօրուան ընթերցուածին մէջ Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ Կորնթացիները որ քննեն իրենց անձերը, տեսնելու համար թէ արդեօք տակաւին նոյն հաւատքին մէջ մնացա՞ծ են։ Այն հաւատքը, զոր առաքեալը քարոզած էր իրենց, այն հաւատքը որ ընդունած էին խանդավառութեամբ։

Սոյն յորդորը պէտք է իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի ականջին հնչէ՝ «արդեօք նո՞յն հաւատքին մէջն ես». այն հաւատքը, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ քարոզեց հայ ժողովուրդին. այն հաւատքը, զոր  մեր նախահայրերը՝ իբր առաջին ժողովուրդ ընդունեցան. այն հաւատքը, որ մեր նախնիքը պահեցին եւ պահպանեցին. այն հաւատքը, որուն համար մեր նախնիք իրենց կեանքը տուին։ Արդեօք մենք նո՞յն հաւատքին մէջն ենք։ Կան հայեր, որոնք կը հաստատեն, թէ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին համար պատուհաս եղաւ։ Այսպիսի հաստատում մը կʼուրանայ մեր 1700 տարիներու մէջէն ընթացող սերունդներու համոզումը. կʼուրանայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու ատակութիւնը. կʼանտեսէ անոնց զոհաբերութիւնը։

«Քննեցէ՛ք դուք ձեզ՝ տեսնելու, թէ նո՞յն հաւատքին մէջն էք. փորձեցէ՛ք դուք ձեզ»։ Առաքեալին այս յորդորը պէտք է մեզմէ իւրաքանչիւրը մղէ՝ օր ըստ օրէ ճշդելու մեր կեանքի ուղղութիւնը։ Որովհետեւ փոքր շեղում մը, կրնայ ժամանակի ընթացքին վերածուիլ հաւատքէ հեռացումի եւ անկումի։ Եկեղեցւոյ Հայրերը՝ այս իրականութիւնը կը ներկայացնեն նաւու մը օրինակով։ Եթէ նաւապետը յարատեւօրէն չճշդէ նաւուն ուղղութիւնը, նաւը կրնայ տարուիլ ալիքներէ եւ հովերէ եւ երբեք չհասնի նաւահանգիստ։ Մեր կեանքին մէջ, հաւատքի հակառակ հոսանքները բազմաթիւ են։ Զանազան գաղափարներու, գաղափարախօսութիւններու, փիլիսոփայական եւ բնագիտական ուղղութիւններու հողմերը մեզ կը տարուբերեն մեր քրիստոնէական համոզումներուն մէջ, անջատելով մեզ խարիսխէն՝ Քրիստոսէ, եւ մթագնելով մեր ուղին, որուն լոյսը Քրիստոս է, Սուրբ Հոգիին շնորհքներով։ Եթէ ուշադիր չենք, դիւրաւ կրնանք մեր ուղղութիւնը կորսնցնել, եւ հեռանալ Քրիստոսէ։ Այդ պարագային, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կʼըսէ՝ «Չէ՞ք գիտեր, թէ Յիսուս ձեր մէջն է, այլապէս անառակ կʼըլլայիք»։ Եթէ Յիսուս մեր մէջ չէ, մենք անառակ ենք, մեղապարտ եւ անկեալ։ Ինչպէ՞ս սակայն պիտի կարենանք պահել մեր հաւատքը, կեանքի հողմերուն եւ ալիքներուն ընդմէջէն։ Պէտք է լաւ ճանչնանք Աստուածաշունչը, մեր Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսուցումը, մեզի աւանդուած վարդապետութիւնը։ Սուրբ Խորհուրդները, աղօթքը եւ ծէսերը մեր հոգեւոր կեանքին սնունդ պէտք է ըլլան. յատկապէս՝ ապաշխարութեան խորհուրդը եւ Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Անոնք մեր հոգւոյն վէրքերը պիտի բուժեն, մեզ պիտի մխիթարեն,  մեր հոգւոյն սնունդ պիտի ըլլան, մեզի ոյժ պիտի տան՝ յարատեւելու մեր հաւատքին մէջ, կառչած մնալու Սուրբ Խաչին, որ մեզ ապահով պիտի հասցնէ նաւահանգիստ։ 

Նամակի վերջաւորութեան Պօղոս Առաքեալ կը մաղթէ եւ կը յորդորէ՝ «Եւ վերջապէս, եղբայրնե´ր, ո´ղջ մնացէք, հաստատու´ն մնացէք, մխիթարուեցէ´ք, միաբա´ն եղէք, խաղաղութիւ´ն պահեցէք. եւ խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը թող ըլլայ ձեր հետ։ Ողջոյն տուէք իրարու սուրբ համբոյրով»։

Յստակ են այս յորդորները։ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար հարկաւոր է մնալ հաստատուն, միաբան, եւ խաղաղասէր։ Հաստատուն՝ հաւատքի վարդապետութեան մէջ, միաբան՝ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն հետ, խաղաղասէր՝ ընտանիքին եւ համայնքին մէջ։ Ծանօթ են բոլոր հաւատացեալներուն, թէ ինչքան մեզի վնաս կը հասցնեն անմիաբան կեցուածքներ եւ արարքներ, վէճերն ու կռիւները։ Մինչ առաքեալը կը յորդորէ՝ «ողջոյն տուէք իրարու սուրբ համբոյրով»։ Համբոյրը մտերմութեան, սիրոյ, գուրգուրանքի եւ կարեկցութեան արտայայտութիւն է։ Սուրբ Պատարագի մէջ ալ սարկաւագը կը գոչէ «Ողջոյն տուք միմեանց, ի համբոյր սրբութեան»։ Համբոյրը կու տայ հանգստութիւն եւ կը մխիթարէ։ Հետեւաբար ա´յս պէտք է ըլլայ մեր վարմունքը մեր հաւատակիցներուն հանդէպ՝ սէր, գուրգուրանք, կարեկցութիւն եւ մխիթարութիւն։

Պօղոս Առաքեալ նամակը կը փակէ, տալով իր օրհնութիւնը՝ «Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին կցորդութիւնը ձեր հետ ըլլայ»։ Քրիստոս, Իր խաչի մահով եւ յարութեամբ մեզի առատօրէն եւ անշահախնդիր կերպով կը բաշխէ շնորհքները։ Շնորհքի զօրութիւնը գերիվեր է որեւէ չարէ եւ չարիքէ, մեղքէ եւ վիշտէ։ Հետեւաբար, մեր կեանքին մէջ, որեւէ պարագայի, պէտք է վստահինք շնորհքի զօրութեան։ Պէտք է վստահինք Աստուծոյ անսահման սիրոյն եւ Սուրբ Հոգիի կցորդութեան, որ միշտ, եւ յատկապէս Սուրբ Խորհուրդներու միջոցաւ,  մեզի կը բաշխէ իր պարգեւները։








All the contents on this site are copyrighted ©.