2015-10-03 09:57:00

Մեծ եղեռնի հարիւր ամեակի շուքին տակ


“Կիլիկեան Արհաւիրքը”

Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութեան յիշատակութիւնը աշխարհի չորս կողմը մեծ անդրադարձ ունեցաւ այս տարի։ Հրատարակուեցան մենագրութիններ եւ յօդուածներ, կատարուեցան բանախօսութիւններ եւ յիշատակի հանդիսութիւններ, կազմակերպուեցան քայլարշաւներ եւ ցոյցեր։ Հայ ժողովուրդը արդարութեան ակնկալութեամբ կը փախէ դռներ եւ կը յուսայ։

Սյսօրուան հաղորդումին մէջ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք, խօսքը տալով ականատեսի մը։ Սուրէն Պարթեւեան, 1909 թուականին հրատարած է գրքոյկ մը “Կիլիկեան Արհաւիրքը” խորագրով։

Գրքի յառաջաբանին մէջ Պարթեւեան կ’անդրադառնայ ժամանակի տեղական եւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի յոյսերուն։ Կը յիշէ 95-96 թուականներու չարդարարներու չքմեղումը եւ երիտթուրքերու բռնած նոյն արիւնարբու ճանապարհը։

“Կիլիկեան աղէտները մեր ազգային գոյութեան ամենէն սգատխուր ճգնաժամը կ’երկնեն այս պահուս, անոր համար մանաւանդ որ Հայութիւնը հազիւ թէ ազատ ու ապահով կեանքի մը կարելութեան հաւատալ սկսած, երբ իր նորածին յոյսին սրտաշարժ միամտութեանը մէջ բրտօրէն յանկարծակի կուգայ եւ ինքզինքը նորէն դէմ յանդիման կը գտնայ նահատակութեան իր վաղնջական ճակատագրին հետ, ի զուր կը փնտռէ այս անգամ յոյսի պատառ մը որ սնունդն ըլլար իր մահամերձ գոյութեան, եւ ուրկէ կարենար, հոգիին ակռաներովը, քաշել, փրցնել պէտք եղած ուժը՝ կարենալու համար տանիլ իր անհնարին խաչը, ընդունիլ իրեն եղած այս ահաւոր ու ա՛լ աւելորդ զրկանքը։

Կը զգա՞ն արդեօք մահացու անձկութիւնը, շուարումը, հոգիի խուճապական փախուստը սա դատապարտուած ժողովուրդին, որ փրկութեան բոլոր անողոք դուռներուն զարնելէ զարնուելէ ջախջախուած, բոլոր ելքերուն հետապնդելէ խոնջած, պատրանքի բոլոր հորիզոններէն հիասթափած, յուսալէ յուսահատած, Սահմանադրութեան նորածագ արեւին տակ իր վէրքերը չորցնելու եւ դարմանելու տեղ մը, հանգրուան մը գտած ըլլալ կը կարծէր, եւ որուն բազմախոց կուշտին յանկարծ նոր վէրքեր փորելով, զայն կը բռնադատեն ուրիշ ապաւէն մը փնտռելու, ուրիշ տեղ փոխադրելու իր յոյսը, երբ ան ոչ այլ ինչ կրնար տեսնել իր հրմշտկուած, խոշտանգուած գոյութեան առջեւ, եթէ ոչ անդունդ, եթէ ոչ գերեզման։

95-96ի աղէտները Հայ ազգին կողմէ կրուեցան այն մարտիրոսական արիութեամբը, տոկունութեամբը զորս իրեն կու տար իր «մօտալուտ» փրկութեան կեցուցիչ հաւատքը։ Այսօր, փրկութեան յոյսը չէ, ալյ 10 ամիսներէ ի վեր դաւանած, երկրպագած կարծեցեալ փրկութիւնն իսկ է որ զինքն ի կորուստ կը մատնէ ահա՛, զինք անակնկալ կերպով կը նետէ վերջնական ողջակիզումներու խարոյկին վրայ, անյուսութեան գիշերի մը մէջ։

Արդարեւ, ու՞ր, որու՞, ո՞ր կողմը դառնալ ...։ Հին Թուրքիան, իր հոգեվարքի գալարումներուն մէջ, ուժասպառ հայուն արիւնովը կը գինովնայ տակաւին եւ կ’ուզէ կարծես վերկենցաղիլ. նոր Թուրքիան, անկարող հինին եղեռնախանձ մոլուցքը զսպելու, անկարող իր ամենէն անկեղծ ու հարազատ եղբայրը պաշտպանելու Հայուն մէջ, տակաւին կասկածելի տեսակէտներէ կը թուի առաջնորդուիլ եւ թոյլ կուտայ որ զոհերու, նահատակներու կոշկոճման այս եղերական վայրկենին իսկ՝ դահիճները փաստաբաններ գտնան իր շարքերուն մէջ, եւ մեռածներն ու վերապրողները դաժանօրէն զրպարտուին զանազան առասպելներով եւ վարկածներով, որոնց արեան գինը Հայ ազգը պէտք եղածէն աւելին վճարած էր, բաբէ՛։

Ի՞նչ կը մնայ ուրեմն. հորիզոններէն անդի՞ն նայիլ եւ արտաքին միջամտութիւ՞ն սպասել ...։ Բայց Թուրքիոյ Հայերը շատոնց այդ կողմը տեսած էին շիջելափառ մարիլը քաղաքակիրթ արդարութեան, քրիստոնէական մարդասիրութեան շողշողուն իտէալներուն, եւ ա՛լ ոչ մէկ գնով յանձն պիտի առնէին կաթիլ մ’արիւն իսկ թափել այդ խաւարած երկինքէն վերածարծ ո՛եւէ նշոյլի մը սիրոյն։

Հայ ազգը, ապշեցուցիչ անյիշաչարութեամբ մը, մոռնալ ուզած ու մոռցած էր իր անցեալ դժոխքը, ներած էր, նոր Թուրքիոյ ախոյաններուն հետ խանդաղատագին եղբայրակցութեան վսեմ փարումի մը մէջ, բոլոր զրկանքն ու զուլումը զոր տեսած է երէկուան Թուրքիայէն։ Ան իր փլփլած տունը վերաշինելու, իր քայքայուած առողջութիւնը կազդուրելու միայն կը խորհէր, ապրիլ, պարզ, չոր ու ցամաք ապրիլ մը միայն կ’երազէր ...։ Ու այն ժողովու՞րդն է, իր կենսական ուժերուն մէջ աղետալիօրէն նուազած, իր արժանապատուութեանը մէջ նահանջած, իր բաղձանքներուն մէջ իսկ պզտիկցած, չքացած այս ժողովու՞րդն է զոր կ’ուզեն, անգամ մըն ալ ոչխարի պէս – աւա՜ղ, ամօթով կ’ըսենք – մորթած ատեննին, ապստամբի ամեհի ու դաժան կեցուածքով մը ցցել ներկայացնել, կարենալու համար չքմեղել անգամ մըն ալ անոր ցամքած արիւնաքամ կողերուն վրայ կատարած անկուշտ ջարդողի իրենց գազանային գործը։

Ու կը սոսկանք հաստատելով թէ զրպարտողներն ամենքն ալ հին Թուրքիոյ արարածները չեն”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.