2015-10-03 09:26:00

Ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքի մարտահրաւէրները, կոչումն ու առաքելութիւնը` ասոնք են Ընտանիքի մասին գումարուելիք սովորական ԺԴ սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի ուղեցոյցի կեդրոնական նիւթերը, որոնք ներկայացուեցան անցեալ 23 յունիսին, Վատիկանի  մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ։

Վերոյիշեալ Թղթածրարը կը ներփակէ թեմերու պատասխանները ընտանիքի հայող հարցարանին եւ 2014-ին նոյն նիւթին հայող առաջին սիւնհոդոսին ''վերջնական տեղեկագիրի'' պարունակութիւնը։

Թղթածրարը բաժնուած է երեք մասերու` Ընտանիքի մարտահրաւէրներու ընկալումը. Ընտանիքի կոչումին խոր թափանցումը եւ ընտանիքի առաքելութիւնը այսօր։

Ոչ սեռային տարբերութեան վերածումին։

Առաջին հատուածին մէջ շեշտը կը դրուի մեր դարաշրջանի ''մշակութային հակասութիւններու'' վրայ ուր կը փորձուի վերածել սեռային տարբերութիւնը ''այր ու կնոջ'' միջեւ։ Հարց մը որ կարիքը ունի աւելի խոր քննարկումի` մարդկային եւ մշակութային գետնի վրայ, որովհետեւ սեռային  տարբերութեան վերածումը ինքնին հարց է եւ ոչ թէ հարցին լուծումը։

Ընտանիքը ընկերութեան հիմնական յենարան։

Թղթածրարը ի յայտ կը դնէ ապա ''հասարակական հակասութիւնները'' որոնք պատճառ են ընտանիքի փլուզումին` պատերազմը, գաղթականութիւնը, աղքատութիւնը, ''աւելորդի'' մշակոյթը, ապօրէն տոկոսով դրամ փոխ առնել-տալը, տնտեսական ան բարենպաստ եւ միանշանակ իրավիճակը, մինչ իշխանութիւնները անկարող են թիկունք կանգնելու ընտանեկան կառոյցին որ '' ընկերութեան հիմնական յենարանն է'' եւ կարիքը ունի ''համապատասխան քաղաքականութեան'' մը¬,  որ նկատի առնէ անոր գործունէութիւնը ի սպաս ընկերութեան բարօրութեան։ 

Հովուական յատուկ խնամակալութիւնը գաղթական ընտանիքներուն ի նպաստ։

Թղթածրարը կ՛ընդգծէ ապա Ընտանիքի կարեւորութիւնը որպէս ''ներառումի'' գործիք եւ ընկալումի վայր` տարեցներուն, անկարներուն ու ''անկայուն  եւ դիւրաբեկ'' դասակարգին ապա կը մաղթէ հովուական յատուկ խնամակալութիւն մը  ի սպաս գաղթական ընտանիքներուն որոնք շատ անգամ թիրախ են անտարբերութեան, ու շեշտը կը դնէ ''կնոջ'' դերին վրայ ու անոր` շատ անգամ ապրած ողբերգութիւններուն` չարաշահում, բռնութիւն....մաղթելով` անոր աւելի մեծ արժէքաւորումը Եկեղեցւոյ մէջ։

Սուրբ Պսակի Խորհուրդը անլուծելի։

Թղթածրարի երկրորդ մասը կը վերահաստատէ ամուսնութեան անլուծութիւնը, միեւնոյն ատեն սակայն կը յիշեցնէ որ Եկեղեցին պէտք է ''ընկերանայ'' ամուսնական կեանքի դժուարութիւններուն ի շահ ողորմութեան` որ ոչ մի բան կը խլէ հաւատքի ճշմարտութենէն։

Թղթածրարի  Երրորդ մասին մէջ ապա կը հաստատուի  թէ ''Ամէնքն ալ կարիքն ունին ողորմութիւն ստանալու ու զայն շնորհելու'' եւ թէ ոմանք կ՛ակնկալեն որ Եկեղեցին եւս նոյնը ցուցաբերէ անոնց հանդէպ որոնք ''միութեան'' կապը խզեցին։ Այս առընչութեամբ թղթածրարը կը մատնանշէ Ամուսնականն ապահարզանի հարցին ու այս ուղղութեամբ դատական հարցերու ընթացքին։

Վերատեսել ամուսնալուծեալներու եւ վերապսակուածներու բացառումի ծիսա-հովուական ձեւերը։

Ամուսնալուծուած եւ վերապսակուած զոյգերուն համար, խորհուրդներու մօտեցումի ''բացառութեան'' հարցին անդրադառնալով, Թղթածրարը յոյս կը յայտնէ որ այդ ''բացառութեան'' ձեւերը վերատեսութեան ենթարկուին որովհետեւ ''այդ հաւատացեալները Եկեղեցիէն դուրս չեն ու պէտք չէ այդպէս ալ սեպուին''։ Այս առընչութեամբ կը խօսուի ''հովուական'' խնամակալական նոր ընթացքի մը մասին որ մղէ  ''խղճի հասունութեան'' ու զղջումի։

Եկեղեցին ապա ''միասեռական ամուսնութեան'' դէմ իր դիրքը չի փոխէր թէեւ կը հաստատէ թէ ''ամէն անձ, անկախ,  իր սեռային յարումէն, պէտք է յարգուի իր արժանապատուութեան մէջ եւ նրբութեամբ ու զգայնութեամբ ընկալուի, ըլլայ ընկերութեան` ըլլայ Եկեղեցւոյ մէջ''։

Զաւակներու դաստիարակութիւն` հիմնուած սեռային տարբերութեան վրայ։

Ի վերջոյ թղթածրարը կ՛անդրադառնայ զաւակներու դաստիարակութեան ''որ պէտք է հիմնուի, սեռային տարբերութեան վրայ, այնպէս ինչպէս ծննդաբերութիւնը'' որ իր հիմը կը գնտէ ''այր ու կնոջ միջեւ սիրոյ մէջ''։

Թղթածրարը կ՛եզրափակուի յատուկէն վերակոչելով ''Ողորմութեան յոբելենական տարին'' որ սկիզբ պիտի առնէ` 8 դեկտեմբեր 2015-ին եւ որուն լոյսին ներքոյ կը գտնուի նաեւ յառաջիկայ սիւնհոդոսը որուն կեդրոնական նիւթն է. ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ու ժամանակակից աշխարհին մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.